“Ապառաժ”.- ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ, Արցախի հերոս, դաշնակցական Արթուր Մկրտչեան այսօր պիտի դառնար 63 տարեկան: Հադրութի Ուղխաձար գիւղին մէջ ծնած եւ Արցախի համար դժուար ժամանակներուն երկրի ղեկը ստանձնած յայտնի քաղաքական, հասարակական գործիչի շիրիմին յարգանքի տուրք մատուցելու եկած էին անոր հարազատները, կուսակցական ընկերները, պետական այրեր: