“Երկիր Մետիա”._Այսօր Ազգային Ժողովի նիստին ընդդիմադիր խմբակցութիւնները կրկին առաջարկեցին «Շուշիի Հռչակագիրը» դատապարտող յայտարարութիւնը ներառել օրակարգ ու քննարկել։ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, կրկին բարձրաձայնելով յիշեալ յայտարարութեան կարեւորութեան մասին, ըսաւ․ «Ազգային Ժողովի լռութիւնը այս նիւթով կը դառնայ համաձայնութեան նշան՝ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի կողմէն նախաձեռնած պատերազմին պարտութեան եւ հետագայ անյաջողութիւններու: Նկատի առնելով քաղաքական մեծամասնութեան տեսակէտը, որ այս յայտարարութիւնը կրնայ վնասել խաղաղութեան դարաշրջանի ձեւաւորումը, մենք կը նշենք, որ ընդհակառակը, անիկա ամբողջութեամբ 100 տոկոսով ազգային է, պետական աջակցութեան ուղղուած է։ Յայտարարութեան ընդունումը կը բխի ՀՀ անվտանգութեան միջավայրի ամրապնդման շահերէն։ Անիկա նամակ պիտի ըլլայ ՀՀ եւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ աշխարհասփիւռ հանրութեան, նաեւ միջազգային հանրութեան, որ մենք այդ գործընթացին մէջ ունինք կարմիր գիծեր եւ պիտի չի նահանջինք անկէ։ Այսինքն՝ ինքնիշխանութեան եւ հայ ժողովուրդի արժանիքներու կորուստ պիտի չըլլայ», ըսաւ Սէյրան Օհանեան՝ ընդգծելով, որ կարեւոր հարց է: «Հակառակ պարագային պիտի դիտարկենք թշնամիին շահերու սպասարկում», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ «Շուշիի Հռչակագիրը» դատապարտող նախագիծի մերժումը անվտանգութեան միջավայրի ահագնացող սպառնալիքներու ոչ ճիշդ արժեւորման եւ այսօրուան աշխարհաքաղաքական զարգացումներով թուրք-ատրպէյճանական վարքագիծին եւ բանակցային խորամանկութեան չտիրապետելու արդիւնք է: Ըստ Օհանեանին, ԱԺ լռութիւնը հակահայ այս հռչակագիրի առնչութեամբ կը նշանակէ համաձայնութիւն՝ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի կողմէն նախաձեռնած պատերազմի պարտութեան հետ. «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը քաղաքական սթափութեան կոչ ուղղեց եւ 20 վայրկեան ընդմիջում խնդրեց: ՔՊ-ի բացասական եզրակացութիւնը ներկայացուց Գուրգէն Արսէնեան՝ «Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու կողմէն «Շուշիի Հռչակագիրի» վաւերացման առնչութեամբ» Ազգային Ժողովի յայտարարութոան նախագիծն է: Կրկնելով այն հիմնաւորումը, թէ իրենք խաղաղութեան օրակարգը ՀՀ-ի համար կարևոր կը գտնեն, որ կը բխէ ընթացիկ իրավիճակէ եւ նպատակներէ, որ ունի ներկայիս իշխանութիւնը: «Արցախի հարցերով ԱԺ յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկը մերժելէն վերջ այս խորհրդարանէն ամէն ինչ սպասելի է», իր կարգին յայտարարեց «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիճանեանը՝ շեշտելով, որ կողմ պիտի քուէարկեն նախագիծին, որովհետեւ չէր կրնար երկրագունդի վրա ըլլալ տրամաբանութիւն, որ ՀՀ ԱԺ-ը դէմ քուէարկէ հակահայ գործողութինը դատապարտող նախագիծին:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը, այնուհանդերձ, ձեռնպահ քուէրակելով, տապալեց յայտարարութեան նախագիծի ընդգրկումը ԱԺ օրակարգ: