ՏԵՂԱԿԱՆ
«ՃԱԼԱԱ» ՅԱՂԹԵՑ «ՃԷՅՇ»-ԻՆ
21 Մարտին, Սուրիոյ տղոց պասքեթի մրցաշարքի տասնվեցերորդ շրջափուլի մրցումներուն, որ տեղի ունեցաւ Հալէպի  «Քալաա» գլխաւոր դահլիճին մէջ, «Քալաա» խումբը 84-74 կէտով յաղթեց «Ճէյշ»-ին:
Խաղի առաջին քառորդը աւարտին հասաւ «Ճէյշ»-ի օգտին 18-16 կէտով, իսկ «Ճալաա» խումբը 17-13 կէտով գերազանցեց երկրորդ քառորդին, այնուհետեւ «Ճէյշ»-ը երրորդ քառորդին յառաջդիմեց 19-14 կէտով, իսկ «Ճալաա»-ը յաղթեց չորրորդին 19-16 կէտով: Խաղի երկարացումէն ետք, «Ճալաա» տասը կէտի տարբերութեամբ 84-74-ով յաղթական աւարտեց խաղը։
Մինչ այդ «Քարամէ»ն յաղթած էր «Սաուրա»-ին՝ 101-71 կէտի դիմաց, «Նաուաիր»-ը՝ «Հըթին»-ին՝ 71-67 կէտի դիմաց, իսկ «Ուահտէ»-ն «Թալիա»-ին՝ 94-40 կէտի դիմաց։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿ ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԱՒԱԹԻ ԽԱՂԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԵԱՅ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Հայաստանի մարմնամարզի հաւաքականի անդամներէն երկուքը կրկին մետալներ նուաճեցին աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան ընթացքին:
Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ ընթացող աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան հերթական փուլին, Հայաստանի ընտրանի անդամ Վահագն Դաւթեան օղակներու վարժութեան մէջ դարձաւ ոսկեայ մետալակիր, իսկ նժոյգ-թափերու վարժութեան մէջ Յարութիւն Մերտինեան նուաճեց արծաթէ մետալ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՃՈՔՈՎԻՉ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔ
21 Մարտին, Թենիսի Միջազգային Դաշնութիւնը հրապարակեց արհեստավարժ թենիս խաղացողներուն միջազգային նոր դասաւորումը:
Սերպ Նովաք Ճոքովիչ վերադարձաւ առաջին դիրք (8465), մինչ ռուս Տանիէլ Մետվետեւ նահանջեց երկրորդ դիրք (8445):
Իսկ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ դիրքի մը ոստումը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ երրորդ դիրքը (7715):
Վերջապէս, ռուսահայ Կարէն Խաչանով կը գտնուի 28-րդ դիրքին վրայ:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան