Շաբաթ, 26 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի նախագահութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս գումարուեցաւ քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան քրիստոնեայ համայնքներու Հոգեւոր Պետերը, իրենց օգնականներուն ընկերակցութեամբ: Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էր Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան:
 
Ժողովը ընթացք առաւ աղօթքով եւ ողջոյնի խօսքով:
Ժողովին արծարծուեցան համայնքները յուզող օրակարգային զանազան հարցեր:
Ժողովականները անդրադարձան անցնող օրերուն Դամասկոսի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ գումարուած «Եկեղեցին Սիրոյ Տուն» խորագիրը կրող եկեղեցական-միջազգային ժողովին, որ իր տարողութեամբ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենար Սուրիոյ մէջ։
Ժողովականները արծարծեցին նաեւ ներկայիս տիրող տնտեսական ծանր իրավիճակը եւ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
 
Սուրբ Յարութեան տօնի նախօրեակին, համայնքապետները եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու։
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն