Ստորեւ կը հրատարակենք Կիրակոս Գույումճեանի տպաւորութիւնը Ահարոնեանի «Խայը» պատմուածքին մասին, ուր հրապարակագիրը այնքան կարեւոր կը համարէ ազգային գիտակցութեամբ  օժտուած եւ վախը թօթափած հերոսին կերպարը Ա. Ահարոնեանի այս պատմուածքին մէջ, զայն համարելով ներկայ ժամանակներուն համար եւս դաստիարակիչ կերպար: Ուստի լուսարձակի տակ կ՛առնէ պատմուածքը՝ իր անձնական տպաւորութիւնը թուղթին յանձնելով:

* * *

Վստահ եմ, որ հայ մամուլի  ընթերցողները քաջածանօթ են այս վերնագիրին եւ տիպարին: Հաստատապէս գիտեմ նաեւ, որ բոլոր հայորդիները, որոնք կարդացած են «Խայը» պատմուածքը, խորապէս ազդուած են անկէ:

Չեմ վարանիր «վստահ», «հաստատ», «խորապէս» եւ այլ հաստատականներ գործածելու` բնորոշելու այս պատմուածքին ձգած ազդեցութիւնը այն հոգիներուն վրայ, որոնք իրենց մէջ ունին վրէժխնդրութիւն: Առաւել եւս կ’ուզեմ շեշտել, որ այս պատմուածքը կարդացող հայը չի նմանիր չկարդացողին:

Ահարոնեանի «Ազատութեան Ճանապարհին» պատմուածքներու հատորին մէջ Խայը կը ներկայացնէ յեղափոխական ինքնուրոյն միտք եւ փիլիսոփայութիւն ունեցող անձնաւորութիւն: Առաջին իսկ տողերէն Ահարոնեան մեծ հետաքրքրութիւն եւ գրաւչութիւն կը բերէ պատմութեան, երբ կը սկսի գեղեցիկ ու տպաւորիչ նկարագրութիւններով պատմել Ռէս Գեւոյի բնակարանին մէջ հաւաքուած մարդոց մասին, որոնք կը քննարկէին մարդու վիճակն ու ճակատագիրը եւ կը խօսէին դուրսը տիրող սարսափելի բուք-բորանի աւերներուն մասին:

Հեղինակը կը ներկայացնէ Խայը` նշելով անոր անցեալն ու ներկայ դերը: Անոր ըմբոստ եւ օրինակելի նկարագիրը ներկայացնելու համար անոր բերնով կը պատմէ նաեւ անցեալէն անկիւնադարձային դրուագ մը, որուն մէջ կը յիշէ «օձի եւ արագիլի» կռիւը (որուն պատահաբար ականատես կը դառնայ): Այդ մահու կենաց կռիւի աւարտին ամէն բան հակառակ ընթացք կ’ունենայ. օձը, որուն ամբողջ կեանքին արագիլը եղած էր պատուհաս, այս անգամ կ’որոշէ մինչեւ վերջ պայքարիլ եւ դէմ կենալ իր «ճակատագրին»: Այս իրադարձութեան ճակատագրական վայրկեանին ներկայ կ’ըլլան Խայն ու մինչեւ ատամները զինուած, զինք ձերբակալած քիւրտը: «Ֆլան, որ կայ օձն  է այն», կը կրկնէր քիւրտը` համոզուած ըլլալով, որ միշտ այնպէս եղած է, որ վերէն սուրացող ու յարձակող կենդանին, ըլլալով աւելի ուժեղ եւ ունենալով բնական կարողութիւններ, պիտի յաղթէ գետինը սողացողին. երեւոյթ մը, որուն կը հաւատար նաեւ Խայը:… Սակայն այս անգամ եւս դիրքերն ու դերերը կը փոխուին, կը փոխուի եւ Խայը: Ոգեւորուած կենդանիներու միջեւ եղած ճակատամարտով եւ այդ ճակատամարտի աւարտով, ակնթարթի մը մէջ ան կ’որոշէ ու կը զգետնէ քիւրտը: Այսպէս, ան կը փոխէ ճակատագրի մասին իր ունեցած հասկացողութիւնը:

«Ես յանկարծ գլուխս բարձրացրի, քրդի գօտկից վայրկենապէս դուրս քաշեցի դաշոյնը, եւ մինչեւ որ նա ապշած ու սարսափած պաշտպանուելու որեւէ փորձ կ՛անէր, փայլուն դաշոյնը մինչեւ կոթը ահագին թափով նրա կուրծքը մխեցի: Վայրենին ոռնաց եւ գետին գլորուեց… Ես փրկուած էի»:

Ահա, այս պահէն կը սկսի պատմուածքին մեծ խորհուրդն ու ինքնուրոյն գաղափարախօսութիւնը, զոր նշեցի քիչ առաջ: Եթէ Խայի միտքերն ու համապատասխան համոզումները քանի մը դար առաջ տարածուած ըլլային մեր ազգի զաւակներուն մէջ, մեր վիճակը տարբեր պիտի ըլլար այսօր:

Ըլլալով ընթերցասէր անձ, մեծ գրողներու բազմաթիւ գործեր ու ստեղծագործութիւններ կարդացած եմ, ինչպէս` Մալխասի «Զարթօնք»-ը, Ռաֆֆիի «Խենթը», ինչպէս նաեւ հայ ազատագրական պայքարը բնութագրող բազմաթիւ գեղարուեստական ու վաւերագրական գիրքեր, որոնք մտքիս ու խղճիս մէջ ձգած են մնայուն հետքեր եւ ձեւաւորած են ազգային նկարագիրս: Փոքր տարիքէս` 12-19 տարեկան հասակիս, Հալէպի Էշրէֆիէ (Տաւուտիէ) հեռաւոր թաղամասէն իջնելով, Թիլէլ պողոտայի Հոգետան «Տիգրիս» գրադարանէն վարձած գիրքերս եղած են հոգիս եւ ազգային ոգիս կերտող հնոցը, անոնք ուսումնական դաստիարակութեանս եւ ընտանեկան մթնոլորտին կողքին թրծած են հայրենասիրական միտքս ու տրամաբանութիւնս: Այսօր այս գիրքերէն շատ բան մոռցած եմ, սակայն շատ լաւ մտապահած եմ Մեծն Ահարոնեանի գրած «Խայը» պատմուածքն ու անոր հերոսը, որ զիս շատ տպաւորած է, մանաւանդ ճակատագրի նկատմամբ տարածուած հետեւեալ ստրկամիտ բնորոշումը` «Է՜,  ինչ  ես անգէտ անգէտ խօսում, մարդի ճակատին էն էր գրուած, ասաց Մելիքը, նա պիտի գնար, նա պիտի խեղդուէր, ճակատագրից ո՞վ կարող է փախչել:

– Իրա՛ւ է, իրա՛ւ, Մելիք, ասացին մի քանի հոգի, ճակատի գրածը չի ջնջուի»:

Ահարոնեան իր ստեղծած կերպարով կրցած է հասնիլ այն եզրակացութեան, որ չկայ ի սկզբանէ գրուած ճակատագիր, իւրաքանչիւրը ի՛նքն է իր ճակատագիրը կերտողը. ան` դէմ երթալով «ճակատագրի» խաղին, կը փոխէ անոր սահմանումը եւ մահազդու դաշոյնը ինք կը խրէ թշնամիին կուրծքը` «Ահա այն փրկարար դաշոյնը»: Ան ոչ միայն կը  փոխէ ճակատագրի նկատմամբ իր  վերաբերումն ու իր սահմանումը, այլ իր այս քայլով իր պատմութիւնը մատուցած մարդոց եւս կը ներշնչէ յուսադրութեան, վճռականութեան ոգիով. («Ես ճակատագրին չեմ հաւատում, կրկնեց վերստին Խայը վեհ յամառութեամբ, բայց այս բառերն այս անգամ ծիծաղ ու զայրոյթ չյառաջացրին, այլ պատկառանք ու մտքե՜ր, մտքե՜ր, փրկարար մտքե՜ր, ազատիչ մտքեր, սրբազան խորհուրդներ»):

Այո՛, «Խայը»-էն առած դասերս դեռ չեմ մոռցած, պատմութեան մանրամասնութիւնները տակաւին թարմ են յիշողութեանս մէջ: Կէս դար անցած է զայն կարդալէս, իսկ հիմա կը վերընթերցեմ զայն` պարզապէս վերապրելու ու կրկին զգալու այն ջերմ զգացումները, զորս ապրած եմ վաղ պատանեկութեան տարիներուս:

Յատուկ սէր եւ համակրանք ունիմ Ահարոնեանի հանդէպ` կարդացած եմ անոր գրեթէ բոլոր երկերը, իմ մէջս սակայն մեծ տպաւորութիւն ձգած է յատկապէս «Ազատութեան ճանապարհին» գիրքը: Ահարոնեանին յատուկ է դէպքերու եւ դէմքերու գեղեցիկ նկարագրութիւնը, կերպարները իրական ու ճշմարիտ են, անոնք զիս` ընթերցողս կը դնեն հարազատ ապրումներու եւ հետաքրքրական լարուածութեան մէջ, անկախ այն բանէն, որ որոշ մանրամասնութիւններ (փոքր տարիքիս) ամբողջութեամբ չէի ընկալեր:

Ահարոնեան մեր ազգային վեհ ինքնագիտակցութեան, ազատատենչ ոգիի կերտման` ստրկութիւնն ու բռնութիւնը հալածող այն ռահվիրաներէն է, որոնք մարդու մէջ կը սերմանեն ազատ եւ անկախ ապրելու վճռակամութիւնը: Ահարոնեան կողմ է հայ ազատագրութեան այն շարժումին, որ ծնունդ առաւ 19-րդ դարուն: Ան կը հաւատար, որ մեր ժողովուրդի փրկութեան կարեւորագոյն ճանապարհն է այդ: Նոյն գաղափարն է, որ կ’արծարծուի ապագային Կիկոներու մօր սաղմոսին մէջ. «Զիմ Կիրոյին ի՞նչն էր պակաս, զոր չեն գրեր ֆիտայի»:

Միշտ մեծ ցանկութիւն ունեցած եմ, որ մնայուն կերպով կողքին լուսարձակի տակ պահենք Ահարոնեանի նման մեծութիւն մը, որուն գործերը հայ ժողովուրդի վիշտի ձայներն են: Վաղուց կը փափաքիմ, որ վերընթերցուին գեղեցիկ եւ խորհրդալից պատմութիւնները, ինչպէս «Խայը», եւ ներկայացուին այդ պատմութիւններուն մէջ տեղ գտած գաղափարներն ու ազգային քարոզչութիւնները, որոնք կրնան էապէս փոխել կեանքը, խթանել երիտասարդութիւնը եւ չարամիտ ու դաժան թշնամիէն պաշտպանել մեզ երէկ եւ այսօր:

«Խայը վերցրեց իր դաշոյնը, գօտիկը խրեց, դուրս գնաց գոմի դռնից, բազմականները մնացին լուռ…

«Դրսում քամին շարունակում էր ոռնալ, բայց նա այլեւս չէր խօսում ճակատագրի հզօր ուժից: Քամու  բազմազան աղաղակների  մէջ մարդիկ այժմ կարդում էին պայքարի ու ազատութեան գոռ  շեշտերը»:

 

Կիրակոս Գույումճեան

Քուէյթ