Գարուն է արդէն: Գեղեցիկ այս եղանակը իր հետ կը բերէ նորաձեւութիւն՝ ոճի եւ գոյներու համադրութեան:
Այս գարնան հագուստի նորոյթն է պարզ առօրեայի եւ դասականի համադրութիւնը: Մարդիկ կը նախընտրեն  յարմար-աւէտութեան ու գեղեցիկի համադրումը:
Անդրադառնալով գարնանային 2022-ի գոյներուն, կրնանք ըսել որ կապոյտի երանգները, կանաչը, ճերմակը, սեւը, ինչպէս նաեւ դեղինը տիրող գոյներն են այս գարնան:
Հիմնական նորոյթը՝ երկար ծոպերն են: Աշխարհահռչակ  «Dior»-ը, « Alberta Ferretti»-ին, «Salvatore Ferragamo-ն  կ’առաջարկեն  ծոպերու գործածութիւնը զգեստներու վրայ:
Այս եղանակին նորոյթ է նաեւ լայնափողք տաբատներ, այս լայն տաբատները կը համադրուին քոստիւմներու պարագային ալ, բաց գոյներով:
Նորաձեւ կը համարուին փայլփլուն հագուստներ, նաեւ մետաղի փայլքով զգեստներ:
Ժանեակները (կիւփիւռ) դարձեալ նորոյթ են: Անոնք այս տարուան գլխաւոր տեղը կը գրաւեն մանաւանդ՝ ճերմակ ժանեակները:
Լայնածաւալ հագուստները, անշուշտ նիհարակազմ կիներու համար, կը ներկայացնեն նրբութիւն եւ իգականութիւն:
Իսկ հագուստներու կտրուածքները աւանդական կտրուածքներով չեն սահմանափակուիր, ձեւագէտներ կ’առաջարկեն նոր տարբերակներ: Ինչպէս օրինակ V-ձեւով կտրուածքը կլոր եւ քառակուսի կտրուածքներու փոխարէն, գործածական են նաեւ անսովոր ձեւեր կրող լանջաբացուածքները, աւելի գրաւիչ ըլլալու նպատակով:
Ցած գօտատեղիով ճինզերը եւս պիտի ընդհանրանան: Այս տաբատները երկար ընդմիջումէ ետք կրկին նորաձեւութեան գագաթնակէտին յայտնուած են:
Ձեւագէտները խորհուրդ կու տան այս տաբատները հագնիլ կարճ գազակներով:
Այս եղանակի գլխաւոր նորոյթը կարճ շրջազգեստներն են:
Այս եղանակին պէտք է ընտրել դեղինի եւ մանիշակագոյնի բոլոր երանգներով պատրաստուած հագուստները, որոնք ձեր գեղեցկութիւնն ու մարմնի բնական գոյնը կ’ընդգծեն: Կանանց հագուստները պէտք է ունենան վառ գոյներով բացուած գարնանային ծաղիկներ:
Ձեւագէտներ առատ փետուրներով ձեւաւորած են ո՛չ միայն հագուստները, այլեւ արծաթեայ կամ այլ զարդերը: Եթէ մտավախութիւն ունիք, որ չէք կրնար փետուրով հագուստը համադրել այլ իրերու հետ, կրնաք փետուրով գլխարկ կամ փետուրով զարդարուած պայուսակ օգտագործել:
Նորոյթ է նաեւ ուսերուն ամրացուող ապարանջանները, որոնք զարդարանքի հետաքրքիր տարրեր են:
Իսկ կօշիկներու պարագային նորոյթ են՝ սանտալները եւ բոկոտները՝ բարձր կռունկներով, յատկապէս կանաչ եւ կապոյտ գոյներով:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան