ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Լիբանանը: Հաւաքականի երեք կոլերը նշանակեցին Ալաա Տալի, Մարտիկ Մարտիկեան եւ Մուհամմետ Մարմուր: Հանդիպումի 70-րդ վայրկեանին, իրաւարարը դադրեցուց հանդիպումը եւ հեռացուց ներկայ ժողովուրդը, որմէ ետք կրկին ընթացք առաւ հանդիպումը:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց U 19-ի ախոյեանութեան աւարտին, Դամասկոսի Ուահտէն տիրացաւ տիտղոսին, աւարտական մրցումին 66-97 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հալէպի Ճալաաը: Սոյն մրցաշարքին Ուահտէն խաղցաւ 19 մրցում եւ յաղթական աւարտեց բոլորը՝ նշանակելով 1343 կէտ:
– Պասքեթի տղոց U19-ի մրցաշարքին, Ճէյշի տղոց կազմը ձեռք ձգեց ախոյեանութեան կոչումը՝ աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Ուասպէն 60-57 արդիւնքով: Սոյն մրցաշարքին Ճէյշը խաղցաւ 21 մրցում, որոնցմէ 18 հանդիպում աւարտեց յաղթական:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԻՏԱԼԻԱՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԷՆ 
Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ Իտալիան երկրորդ անգամ անընդմէջ դուրս կը մնայ համաշխարհային ֆութպոլի 2022-ի մրցումներէն, որոնք տեղի պիտի ունենան Քաթարի մէջ: Ընտրական Փլէյ Օֆի հանդիպումին Իտալիան 1-0 արդիւնքով զիջեցաւ Մակեդոնիային: Այսպիսով Ռոպերթօ Մանշինիի գլխաւորած խումբը երկրորդ անգամ ըլլալով հեռու մնաց համաշխարհային մրցաշարքէն: 2017-ին Իտալիան անցումային հանդիպումներուն պարտուած էր Շուէտի հաւաքականէն (0 – 1, 0 – 0) արդիւնքով, որուն պատճառով ան դուրս մնաց Ռուսիոյ մրցաշարքէն:
ԱՇՐԱՖ ՀԱՔԻՄԻՆ Կ’ՈՒԶԷ ՀԵՌԱՆԱԼ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ԽՈՒՄԲԷՆ 
Ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերմանի 23-ամեայ պաշտպան Աշրաֆ Հաքիմի փափաք ունի ամրան փոխել իր ակումբը։ Ըստ ֆրանսական մամուլի RMC Sport-ին , պատճառը փարիզեան ակումբին մէջ տիրող անառողջ մթնոլորտն է, ինչպէս նաեւ հարաւամերիկացի եւ ֆրանսախօս ֆութպոլիստներուն միջեւ լարուած յարաբերութիւնները: Մարոքցի Հաքիմին լաւ յարաբերութիւններ ունի ֆրանսացի յարձակող Քիլիան Մփապէի հետ, որ արդէն կը պատրաստուի ամրան տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ:
Աւելցնենք, որ Հաքիմի անցեալ ամրան միացաւ ֆրանսական ակումբին փոխան 60 միլիոն եւրոյի: Ան նախապէս մաս կը կազմէր Իտալիոյ Միլանին:
ՃՈՒՏ ՊԵԼԻՆԿՀԱՄ  ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻՆ ԿՈՂՄԷ 
Ըստ Goal.com-ին, Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը հետաքրքրուած է Անգլիոյ հաւաքականի եւ Պորիսիա Տորթմոնտի 18-ամեայ կիսապաշտպան Ճուտ Պելինկհամի ծառայութեամբ: Անոր ձեռք բերելու ցանկութիւն յայտնած են եւրոպական այլ ակումբներ, սակայն Պորիսիան մտադիր է առաջին հերթին բանակցիլ արքայական ակումբին հետ։ Գերմանիոյ ընթացիկ առաջնութեան Պելինկհամ մասնակցած է 25 հանդիպումի եւ նշանակած է 3 կոլ։
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան