Որքա՞ն ուշադրութիւն կը դարձնէք ձեր փոքրերուն ու պատանիներուն ստեղծագործած գծագրութիւններուն: Երբեւէ փորձա՞ծ էք խնդրել անոնցմէ, որ իրենց առօրեայ զգացումները, յոյզերը, ուրախութիւնն ու տխրութիւնը արտայայտեն նկարչութեամբ:
Ներկայիս բոլոր հոգեբանները կը հաստատեն նկարչութեան բարերար ազդեցութիւնը դաստիարակութեան եւ ուսուցման բազմազան ոլորտներուն վրայ, միւս կողմէ հոգեբանական սերտողութիւնները օրըստօրէ աւելի լուսարձակի տակ կ’առնեն նկարչութեան անմիջական ազդեցութիւնը նկարագրի եւ մտածելակերպի կերտման գործընթացին վրայ:
Եթէ պահ մը կանգ առնենք ու մտածենք թէ ի՛նչ բաներ կրնան ներշնչել ու մղել արտայայտուելու, անմիջապէս պիտի եզրակացնենք թէ՝ նորը, անսովորը, տարօրինակը, վեհը, գեղեցիկը եւ ողբերգականը անպայմա՛ն կը ստիպեն մեզ արտայայտուիլ: Այդպէս ալ եղած է նախնադարեան մարդուն պարագան: Ան իր մտքերն ու զգացումները արտայայտելու համար փորած է քարը, պատկերազարդած է ժայռը՝ նպատակ ունենալով թէ՛ արտայայտուիլ եւ թէ իր ձեռքբերած նորութիւնները իբրեւ գիտելիք փոխանցել:
Հնագոյն ժայռապատկերները ունին Ն.Ք. 5-6 հազարամեակներու տարիք ու տարածուած են աշխարհով մէկ: Սակայն հնագէտները բացարձակապէս կը հաստատեն, թէ այս ժայռապատկերները մեծաւ մասամբ յայտնաբերուած են Հայկական Բարձրաւանդակի տարածքին, մասնաւորապէս Գեղամայ, Վարդենիսի եւ Սիւնեաց լեռնաշխարհի տարածքին:
Հետաքրքրական փաստերէն մէկն է նաեւ այս տարածաշրջանի ժողովուրդին իմաստութիւնը, որ թարգմանուած է բազմաբնոյթ նիւթեր կրող ժայռապատկերներով, մինչ ուրիշ ժողովուրդներու մօտ կը տիրէին հիմնական մէկ-երկու նիւթեր:
Հայ ժողովուրդի նախահայրերը քաջատեղեակ եղած են բազմապիսի նորանշաններէ (phenomenon): Նկարած են գետեր, լիճեր, ինչպէս նաեւ բնական երեւոյթներ՝ ծիածան, կայծակ ու երկնային մարմիններ՝ արեւ, լուսին: Անոնք նկարած են նաեւ բուսական եւ կենդանական աշխարհի տարրեր եւ մանաւա՛նդ այծեր, որոնցմէ այս ժայռապատկերները կոչուած են նաեւ «իծէգիր»:
Նկարած են նաեւ իրենց գործունէութիւնները՝ գիւղատնտեսութիւն, սայլեր, որս ու որսի միջոցներ, նոյնիսկ գիտական ըմբռնումներ ու տուեալներ որոնց մէջ՝ քարտէզներ եւ օրացոյցներ: Այս բոլորը կ’արտացոլեն այն իրողութիւնը, թէ Հայկական Լեռնաշխարհը աշխարհասփիւռային կեդրոն եղած է, հնդեւրոպական ժողովուրդին բնօրրանը:
Ժայռապատկերները հետագային իրենց տեղը կը զիջին աւելի կատարեալ համակարգերու, ինչպէս՝ սեպագիրը եւ աւելի ուշ հնչիւնային գիրերը, սակայն անոնք մինչեւ օրս կը պահեն իրենց նշանակութիւնը իբրեւ պատկերագրօրէն մեզի հասած միակ սկզբնաղբիւրը՝ անյիշելի ու խոր անցեալի իրականութեան:
Հին հնդկական աւանդութեան համաձայն, ի սկզբանէ մարդիկ շատ աւելի ուշիմ էին եւ ընդունակ ու անոնք մէկ անգամ լսելով իմաստութիւնը իրենց ուսուցիչներուն շուրթերէն, կը մտապահէին զայն իրենց ողջ կեանքին ընթացքին եւ կը փոխանցէին իրենց յաջորդներուն, սակայն ժամանակները փոխուեցան, մարդոց ունակութիւնները թուլցան, անոնց յիշողութիւնները բթացան եւ որպէսզի նախնեաց գիտելիքները չմոռցուին ու չկորսուին ստեղծուեցան գիրերը ու անոնց միջոցաւ հետագայ սերունդներուն փոխանցուեցան սրբազան իմաստութիւններ:
Ք.Ե. 7-րդ դարուն, հայոց մեծ գիտնական Անանիա Շիրակացի կը հաստատէ ու կը գրէ. «Նախնիներու զգայարանները աւելի սուր էին քան այժմեան մարդկանցը, ուստի կարողացան ոչ միայն արեգակի ընթացքը նկարել, այլեւ միւս բոլոր լուսաւորներունը, ոչ միայն նկատեցին եւ ուսումնասիրեցին, այլեւ դրոշմեցին զանոնք քարերուն վրայ»:
Այսօ՛ր, այս բոլորէն ետք, հայ ազգը ունի իր իւրայատուկ եւ ինքնուրոյն Մայրենին՝ Մեսրոպեան Այբուբենը, մտածելու, զգալու, արտայայտուելու, մերօրեայ երիտասարդութիւնը զայն ինչպէ՞ս կ’օգտագործէ, մանաւանդ իբրեւ ազգասէր ու հայրենասէր երիտասարդութիւն…
Պատասխանները ձեր բջիջային հեռաձայններու պատուհաններուն մէջ են, նայեցէ՛ք:
Անի Մինասեան