Հաւատք, յոյս, սէր. քրիստոնէութեան այս երեք առաքինութիւնները կը համարուին օրդ.Պայծիկի կեանքին, մտածողութեան եւ գործունէութեան հիմքը: Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքը կ’արտացոլար բարիի ձգտումով, բարիքի ընծայումով եւ շրջապատին համար իր ջերմեռանդ աղօթքներով: Եթէ հաւատքը անոր կեանքի կենարար ուժն էր, սէրը հաւատքը սնուցանող աղբիւրն էր, որ կը ծաղկեցնէր իր հոգին՝ յոյսի ներշնչումով:

Իր մահուան առաջին իսկ վայրկեանին զգացի յորդառատ սիրով, հարազատ, մեծ սիրտի մը կորուստը: Թաղման օրը, առաւօտեան, կարծէք հրեշտակները կը ժպտէին եւ ամպերուն ընդմէջէն կը շողար արեւը՝ ջերմացնելու ցուրտ կլիման, այնպէս ինչպէս սիրելիներուն համար բարենպաստ պայմաններ հայցող իր մշտական աղօթքները:

Մեծ պատասխանատուութիւն է խօսիլ օրդ. Պայծիկի բեղուն կեանքին մասին: Բառերը բաւարար չեն նկարագրելու իր հանճարեղ միտքը, առասպելական անձնաւորութիւնը, ո՛չ ալ արտայայտելու մեր հիացմունքը, սէրը. կարելի է գէթ ոգեկոչել իր յիշատակը:

Օրդ. Պայծիկ եղած է կրտսեր դուստրը մտաւորական եւ ազգային գործիչ պրն. Գրիգոր Երէցեանի: Ծնողները եղած են Սէօլիւզէն, Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած որբերէն: Հայրը մաս կը կազմէր Համազգայինի հիմնադիր փաղանգին: Այդ իսկ պատճառով օրդ. Պայծիկ մանկութենէն վայելած է ժամանակակից հայ մտաւորականներու մտերմութիւնը: Մանաւանդ Յակոբ Օշականի, որ կը համարէր իր հոգեւոր մեծ հայրը եւ մահացած էր իրենց տան մէջ: Օշական յատուկ սէր եւ գուրգուրանք ցուցաբերած էր պատանի «Պայծօ»-ին եւ ունեցած մեծ ազդեցութիւն իր հոգեմտաւոր դաստիարակութեան վրայ:

Փոքր տարիքէն ուշագրաւ եղած է իր ունակութիւններով եւ լուսեղէն միտքով: Տասներեք տարեկանին, առաջին անգամ դեր կը խաղայ Լիբանանի մէջ եւ կ’իջեւանէ Լեւոն Շանթի բնակած շէնքը: Ամէն գիշեր Լ. Շանթ համեստօրէն կը խօսակցէր անոր հետ եւ պատանի Պայծիկին կը պատմէր կեանքի իր փորձառութենէն: Իսկ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծերը եւ Միւսները» գիրքին մէջ յիշուած «Չարաճճի Պայծիկը» բոլորին ծանօթ է:

Յաճախած է Ազգ. Հայկազեան վարժարան: Երբ պրն. Մինաս Թէօլէօլեան կը ստանձնէ Ազգ. ՔԵ Ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, տիկնոջ հետ մէկ շաբաթ կ’իջեւանէ իրենց տունը: Երբ հայրը կը բերէ վերամուտի նոր տետրակները միագոյն կողքելու զանոնք, Պայծիկ կը դժգոհի տափակ եւ զզուելի այդ կողքերէն: Պրն. Մինաս իսկոյն կը խնդրէ գունաւոր մատիտներ եւ կը գծագրէ բոլոր կողքերը: Ասոնցմէ գծուած նմոյշ մը՝ «Պայծառ», կը ներկայացնենք սոյն յօդուածով: Փոքր տարիքէն հայրը զինք կ’ուղեկցի «Քրիստափոր» գրադարան եւ կը պարտադրէ կարդալ բոլոր գիրքերը անխտիր: Այսպիսով կը սկսի յատուկ սէրը ընթերցանութեան հանդէպ, եւ Օշականի ցուցմունքներով կը գրէ յատուկ շարադրութիւններ:

Եղած է սրամիտ եւ ուշիմ աշակերտ: Հայերէն շարադրութեան մը մէջ կը գրէ. «Չկայ վատ աշակերտ, այլ կայ վատ ուսուցիչ»: Յաճախած է նաեւ Հալէպի «Լիսէ» երկրորդական վարժարանը: Այդ շրջանին վարժարանի ֆրանսերէնի դասատուն կը դասաւանդէր նաեւ Ազգ. ՔԵ Ճեմարանէն ներս: Օր մը հայ դասընկերներէն մին նամակով մը կ’ուզէ իրեն տեղեկացնել յանպատրաստից գրուելիք շարադութեան նիւթը, զոր թելադրած էր նոյն ուսուցիչը, թէ. «Ի՞նչ կ’ուզես կարդալ արձակուրդին» եւ նամակը կ’ուղարկէ ընկերուհիի մը ձեռամբ, սակայն ընկերուհին կ’իւրացնէ զայն: Ուստի Պայծիկ նիւթէն անտեղեակ բնական եւ պարզ ոճով կը գրէ. «Կ’ուզեմ զբօսնել եւ կարդալ մանկական հաճելի գիրքեր» ու կը հանդիսանայ դասարանին երկրորդը, մինչ ընկերուհին կը պախարակուի մեծ եւ շինծու բառեր օգտագործելուն համար:

Պաքալորիայի բերանացի քննութեան ֆրանսացի քննիչները պատմութեան եւ աշխարհագիտութեան նիւթերուն իրեն «զերօ» նիշ կը սահմանեն: Պայծիկ վրդոված, հեծկլտուքով կը մտնէ հայերէն լեզուի բաժինը: Ուսուցիչը կը պահանջէ կարդալ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք» բանաստեղծութիւնը: Արդէն դերասանական փորձառութիւն ունեցող եւ լաւ ընթերցող Պայծիկ կը կարդայ խոր ապրումով, ուսուցիչը կը զմայլի եւ կը խնդրէ կրկին կարդալ: Ան կը ստանայ բարձրագոյն նիշը ու այսպէս կը յաջողի տարին: Ապագային որպէս «Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու» Էմաքիւլէ վարժարանի ուսուցչուհի, կը մասնակցի Փարիզի մէջ կայացած մանկավարժական դասընթացքին՝ պրն. Գրիգոր Շահինեանի եւ այլ հայ ուսուցիչներու հետ: Տեղւոյն մասնագէտները կը զարմանան, երբ կ’իմանան իր դասաւանդած նիւթերուն՝ ֆրանսերէն  եւ թուաբանութիւն, տարբեր բնոյթը: Անոնք կը յաձնարարեն ֆրանսերէնի կողքին հմտանալ պատմութեան եւ աշխարհագիտութեան նիւթերուն մէջ: Վերադարձին, Պայծիկ ինքնաշխատութեամբ կը տիրապետէ անոնց:

Օրդ. Պայծիկին համար ուսուցչական ասպարէզը ծառայութեան առաքելութիւն էր: Որպէս շնորհալի մանկավարժ եւ տաղանդաւոր ուսուցչուհի կը ձգտէր ֆրանսերէնի ուսուցման կողքին կերտել աշակերտին հոգեկան եւ բարոյական նկարագիրը, ինչպէս նաեւ փոխանցել հայերէն լեզուի եւ ընդհանուր զարգացման առնչուող գիտելիքներ: Ութսունհինգ տարիքէն վերջ իսկ, ան շարունակեց իր տան մէջ ֆրանսերէն դասաւանդել եւ անջնջելի հետք ձգեց իր աշակերտներուն վրայ: Բոլոր անոնք, որոնք բախտը ունեցած են իրեն աշակերտելու, բնաւ պիտի չմոռնան հմայիչ խօսքերը, ուղղիչ խրատները եւ անզուգական ժպիտը: Ան մղիչ ուժ կը հանդիսանար բոլորին, գիտէր տկարն ու տատամսողը ուղղել աննկատ կերպով: Յառաջացած տարիքը օրդ. Պայծիկին կը պարգեւէր կեանքի փորձառութեան իմաստութիւնը, զոր սպաս կը դնէր շրջապատին օգնութեան: Յաճախ կը յիշէր երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Վեհափառի խօսքը. «Երջանիկ ես երբ կ’երջանկացնես ուրիշները»: Միշտ գոհունակ, ժպտերես, իր ազնուական հոգիով կը մերժէր բամբասանքը, դժգոհանքը եւ տրտունջքը:

Սրտի մեծ գոհունակութեամբ ականատես եղած եմ օրդ. Պայծիկին  պատանիներուն հետ փոխյարաբերութեան, տեսնելով անոնց յարգանքը եւ հիացմունքը իրենց սիրելի ուսուցչուհիին: Արդեօք ասոր փաստը չէ՞ր իր հիւանդութեան վերջին ժամերուն նախկին աշակերտուհիին սիրայօժար այցելութիւնը եւ հոգատարութիւնը ու մինչեւ վերջին վայրկեան տածած հաւատքը՝ օրդ. Պայծիկը կրկին ողջ ու առողջ տեսնելու:

Հակառակ բազմակողմանի գործունէութեան, օրդ. Պայծիկ ապրեցաւ հայու հոգիով: Փարիզ եղած շրջանին հայերէնի նկատմամբ խստապահանջ հօր ուղարկած նամակին մէջ կը գրէր. «Ունեցած տառասխալներուս չափ կը ղրկեմ համբոյրներս»: Հայրը կը պատասխանէր. «Երանի յաջորդին համբոյրներդ չկապես սխալներուդ, որովհետեւ ոչ մէկ հատ ստացայ»:

Եղած է Համազգայինի թատերական խումբի անդամ եւ որպէս ներկայացուցիչ մաս կազմած «Ադամեան» թատերախումբի հետ միասնական թատրոնին: Շնորհիւ օտար մտաւորականներու եւ բարձրաստիճան մարդոց հետ ունեցած բարեկամական յարաբերութիւններուն, ան  կրցած է հայ արուեստագէտները ծանօթացնել օտար շրջանակներու:

Իր ազգային հպարտութիւնը ոգեղինացնող առաքելութիւնն էր պահպանել մեր մշակութային արժէքները: Իր տունը հեքիաթային աշխարհ մըն էր, ուր անցեալի գեղեցկութիւնները շաղախուած էին ներկայի փայլքով: Տարիներ շարունակ բծախնդիր պահպանուած եւ դասաւորուած՝ արխիւներ, գիրքեր, լուսանկարներ, ձեռագործներ եւ այլ արժէքաւոր իրեր: Հոն կային Տիրան Աճէմեանի, Ժան Սէմի եւ այլոց գործեր: Մինչեւ կեանքին վերջը, հակառակ առողջական վատ վիճակին, կամքով եւ աշխատասիրութեամբ ջանաց ըլլալ ինքնաբաւ:

Հիմա կը կարդամ օրդ. Պայծիկին ուաթսափի նկարին գրութիւնը. «Շնորհակալ եմ, Տէ՜ր Աստուած լուսցուցած իւրաքանչիւր օրուանդ համար»:

Իսկ ես իր բոլոր սիրելիներուն կողմէ կ’ըսեմ. «Շնորհակալ եմ, Տէ՜ր Աստուած, որ մեր սրտերուն մէջ ունինք օրդ. Պայծիկը»:

Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեան