“Երկիր”._Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիտ Պաղճըն յայտարարած է, որ Շուշիի մէջ թրքական հիւպատոսութիւն ստեղծելու շուրջ բանակցութիւններ ընթացքի մէջ են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններուն միջեւ։ Ան ըսած է, որ այս գործընթացը ուշադրութեան տակ է։

«Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պարբերաբար կը քննարկեն տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները», ըսած է ան:

Անոր խօսքին համաձայն, երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները մշտապէս կը զարգանան. «Մեր յարաբերութիւնները նախկինին պէս պիտի շարունակեն ամուր մնալ»։