13 Մայիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով երթը։
 
Երթին կանգառը Հանրապետութեան հրապարակն էր, ուր մեծ թիւով ոստիկաններ հաւաքուած էին։ Կառավարութեան շէնքին կողքէն անցնելու ատեն երթին մասնակիցները բարձրացուցին իրենց բռունցնքները։
 
«Բռունցքները բարձր։ Թող այս շէնքին մէջ նստած դաւաճանը տեսնէ քանի հազար վարչապետ եկած է իր ետեւէն», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան։
 
Այնուհետեւ երթին մասնակիցները շրջափակեցին կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի բոլոր մուտքներն ու ելքերը։
 
«Ներս չենք մտներ, դռները կը շրջափակենք։ Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ պետական կառավարման համակարգը այլեւս չի սպասարկեր մեր ժողովուրդին շահերը», յայտարարեց Սաղաթէլեան։
 
«Հանրային ծառայողներուն վրայ լուրջ ճնշումներ կը գործադրեն այս ուսապարկերը, բազմաթիւ մարդոց, նոյնիսկ հանրային ծառայողներու բարեկամները, եթէ կը մասնակցին հանրահաւաքներուն, իրենց աշխատանքէն կը դադրեցնեն: Այսպիսով նախ մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք իրենց, որ իմանան՝ իրենք մինակ չեն եւ դուրս գան միանան այս պայքարին», ըսաւ ան։
 
Ոստիկանութեան կարմիրբերետաւորները ճամբայ բացին, որպէսզի կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի աշխատակիցները կարենան դուրս գալ շէնքէն:
 
Ոստիկանները շղթայ կազմեցին եւ աշխտակիցները կարգով սկսան դուրս գալ:
 
Երթին մասնակիցները բացագանչեցին՝ «ամօթ»: Հետեւաբար պահուան իրավիճակը լարուեցաւ, հրմշտոց սկսաւ ոստիկաններուն ու ցուցարարներուն միջեւ, բայց կարճ ժամանակ անց հանդարտեցաւ:
 
Մօտաւոր մէկ ժամ տեւած շրջափակումը դադրեցաւ եւ երթը շարունակուեցաւ Նալպանտեան փողոցէն։ Երեւանի ժամով ժամը 20։00-ին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի կ’ունենայ հանրահաւաք։