Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց սուրիական Մսիաֆ շրջանին ուղղութեամբ։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ օդային յարձակումին հետեւանքով նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։