Փոքրիկներու անմեղ արտայայտութիւնն ու երազային աշխարհը արտայայտող մանկապարտէզի հանդէսը, մեծերուն եւ մանաւանդ ծնողներուն համար ամէնէն հարազատ պահն է։

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի «Տարուան Չորս Եղանակներ» խորագիրը կրող վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն ներկայ էին Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Արմէն Գասպարեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենապետ տիար Կարպիս Պարտաքճեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան, հոգաբարձութեան անդամներ, Վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան, Ծնողաց յանձնախումբը, հրաւիրեալներ եւ շրջանաւարտներու ծնողները։

Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն։
Բեմը յարդարուած էր տարուան չորս եղանակներու գեղեցիկ գոյներով։
Բացման խօսք արտասանեց մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգոյշեան, յայտնելով, որ երեք տարիներ առաջ փոքրիկները դողդոջուն քայլերով մուտք գործեցին մանկապարտէզ եւ ուսուցչական կազմին հոգատարութեամբ այսօր անոնք շրջանաւարտ կը դառնան առաւել ինքնավստահ քայլերով։
Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց մանկապարտէզի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի օրդ. Նուէր Ներսէսեան։
Արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեցին խումբ մը փոքրիկներ։
Գեղարուեստական յայտագիրը արգասիքն էր Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին խմբային աշխատանքին: Բեմը վերածուած էր դատարանի, ուր աշակերտները թատերական պատկերով տարուան չորս եղանակներուն միջեւ ծագած վէճը լուծեցին, դատավճիռ արձակելով «ես»-ի փոխարէն «մենք» արտայայտութիւնը օգտագործել, որպէսզի միասնական ոգիով գեղեցկացնեն բնութիւնը։ Աշակերտները բանաստեղծութիւններ արտասանելով, երգչախմբային երգերով եւ հայկական, արաբական ու օտար պարերով խանդավառեցին ներկաները։

Վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան փոխանցեց իր խօսքը, շնորհաւորելով շրջանաւարտ փոքրիկները եւ անոնց ծնողները, մաղթելով, որ ուսումնակրթական կարգեր մուտք գործելով անոնք յաջողութիւն գտնեն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Իշխանութեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան խնամակալութեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ծնողաց յանձնախումբին, մանկապարտէզին սատար կանգնող բոլոր մարմիններուն, պետական տնօրէնին, կրթական տնօրէնութեան եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատին։
Այնուհետեւ, պարոն Տնօրէնը յատուկ գնահատագիրով եւ ծաղկեփունջով պարգեւատրեց մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհիներ՝ տիկ. Անի Գույումճեան-Փոսթալեանը եւ տիկ. Լուսին Քէշիշեան-Ուզաթմաճեանը, իրենց անսակարկ ծառայութեան համար, ապա ան ծաղկեփունջով գնահատեց մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգոյշեանը՝ իր հոգատար աշխատանքին համար։
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան։ Ան Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց այս առիթով։ Քահանայ Հայրը գնահատեց մանկապարտէզի անձնակազմին աշխատանքը եւ մաղթեց, որ տարուան եղանակներուն նման աշակերտներուն ուսումնական կեանքը առաւել
ծաղկի եւ պայծառանայ։
Հանդէսը փակուեցաւ Քահանայ Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Հանդէսէն ետք, Վարժարանի հոգաբարձութիւնը, Տնօրէնութիւնը եւ մանկապարտէզի անձնակազմը կարկանդակ հատեցին, Կրթադիրաց Մշկթ. Միութեան դալարագեղ պարտէզէն ներս։