Երկուշաբթի, 30 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, շեշտելով որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կը դատապարտէ օրեր առաջ Հասիչէի հիւսիսարեւմտեան Թալ Թամրի, Ապու Ռասինի եւ այլ գիւղերու մէջ թրքական ուժերուն մղած թշնամական, զինուորական գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր, նիւթական ահաւոր վնասներ եւ տեղահանուեցան հարիւրաւոր ընտանիքներ։ Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սուրիա պատասխանատուութեան կը հրաւիրէ բոլոր կողմերը, որոնք կը ջանան թրքական համակարգին Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ իրագործած ոճիրները արդարացնել եւ Էրտողանի թնշամական քաղաքականութիւնը արդարացնել կամ քողարկել»։ Նախարարութիւնը եզրափակելով շեշտեց. «Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը թրքական համակարգին եւ անոր դաշնակից Ուաշինկթընին եւ կարգ մը արեւմտեան երկիրներու կողմէ կ՛անտեսուին, սակայն մենք պիտի չզիջինք մեր սկզբունքներէն եւ իրաւունքներէն։

Թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հրհրուող ոտնձգութիւնները կը հակասեն միջազգային որոշումներուն, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման»։