Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Սուրիական Օդուղիներու ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն ներս թռիչքներու դադարեցման եւ յետաձգման լոյսին տակ ճամբորդներուն ապահոված տոմսերուն կարգաւորման միջոցներ պիտի ճշդուին։
Այս առիթով, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ ներողամտութիւն խնդրեց ճամբորդներէն, յայտնելով, որ տոմսերը կրնան օգտագործուիլ Օդակայանի բանեցումէն ետք եւ նոյն ապահովուած սակով։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ փափաքողները կրնան նաեւ տոմսերը վերադարձնել եւ անոնց փոխարժէքը ստանալ։