Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս Սուրիոյ փոխադրութեան նախարար Զուհէյր Խուզէմի ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան եւ շրջագայեցաւ իսրայէլեան յարձակումին հետեեւանքով անոր վնասուած բաժիններուն մէջ։
Յիշենք, որ Վարչապետը աշխատանքային խմբակ մը ղրկեց օդակայան, որպէսզի ամենամօտ ժամանակամիջոցին վնասուած բաժինները նորոգուին եւ օդակայանը բանիլ սկսի։