Դամասկոսի Միջազգային քաղաքացիական օդակայանի հրթիռակոծումը, անոր աշխատանքէ դուրս բերումը, քաղաքական ինչ պատրուակով ալ ըլլայ ան, միջազգային օրէնքի խախտում կը համարուի, որովհետեւ Դամասկոսի օդակայանը միջազգային օդուղիներու հետ կապուած է ու չօգտագործուիր միայն Սուրիոյ կամ նոյնիսկ տարածաշրջանի երկիրներու հետ թռիչքներու կազմակերպման համար:
Դամասկոսի օդակայանը միջազգային ու քաղաքացիական, ոչ-զինուորական օդակայան է, հետեւաբար անոր վնաս հասցնողը սպառնացած կ’ըլլայ միջազգային օդուղիներու բանեցման ընդհանուր ապահովութեան:
Իսրայէլ Դամասկոսի միջազգային օդակայանը կը հրթիռակոծէ ճնշում բանեցնելու Սուրիոյ պետութեան վրայ ու քաղաքական զիջումներու մղելու Սուրիան: Մօտաւորապէս նոյն ժամանակահատուածին մէջ Թուրքիա կը սպառնայ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններ սկսիլ, իր սահմաններուն անվտանգութեան պատրուակով, սակայն, իրականութեան մէջ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան սպառնալու եւ սուրիական տարածքներ իր վերահսկողութեան տակ պահելու յստակ ծրագիրով:
Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով Ռուսիոյ պատերազմական գործողութիւններով բեռնաւորուած ըլլալը կը մղէ Թուրքիան եւ Իսրայէլը քաղաքական ու զինուորական իրենց ծրագիրները համադրելու երեւելի քողի մը տակ՝ իւրաքանչիւրը իր միջոցները օգտագործելով, իր նպատակները հետապնդելով, սակայն երկուքը, միասին, Սուրիոյ տագնապի լուծումն ու երկրի վերականգնումը այլազան միջոցներով խափանելու եւ այդ լուծման ընթացքին իրենց լծակները ի գործ դրուած տեսնելու մարտավարութեամբ:
Սուրիան, բնականաբար, պիտի ջանայ ամէն ճիգ ի գործ դնել վերականգնելու Դամասկոսի օդակայանը, որովհետեւ  արտաքին աշխարհին հետ երկրին կապը ապահովող գլխաւոր միջոցն է ան: Թէեւ Հալէպի օդակայանը մասամբ կրնայ փոխարինել Դամասկոսի օդակայանը, սակայն նոյն տարածքն ու կարելիութիւնները չունի ան:
Միւս կողմէ, երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ թրքական թափանցումները կանխելու համար Սուրիա կը յայտարարէ, որ սուրիական բանակը պիտի պաշտպանէ երկրի տարածքը օտար բոլոր ներխուժումներէն:
Այս բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ դնել կը փորձէ Սուրիոյ պետութիւնը գործակցելով իր դաշնակիցներուն հետ ու ի հարկին զինուորական գործողութիւններու դիմելով:
Մէկ կողմէ Ասթանայի մէջ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման բանակցութիւնները կը շարունակուին, միւս կողմէ կը նախատեսուի զինուորական գործողութիւններու աճ արաբական ազգային դիմադրութիւն, Իրան առանցքին ու Թուրքիա-Իսրայէլ-Արեւմուտք առանցքին միջեւ: Ռուսիա կողմերու այս լարուածութեան մէջ, պատերազմով տարուած ըլլալով մէկտեղ, իր կարելին կը փորձէ ընել բացառելու լարուածութիւնը դիւանագիտական բազմակողմանի աշխատանքներով:
Ուժերու այս բախումին մէջ յստակօրէն կ’ուրուագծուի թուրք-իսրայէլեան մարտավարութեան համադրումը ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիա-Լիբանան ազդեցութեան գօտիին վրայ: