Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Երկուշաբթի, 20 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին նուիրուած ժողովրդային հաւաք։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, յատուկ առաքելութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան, ներկաներուն եւ Դպրեվանքէն ներս ուսանելու հակում ունեցող պատանիներուն ծանօթացուց Դպրեվանքի առաքելութեան։

Հաւաքին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններ, Թեմի Քահանայ Հայրեր եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Բացման խօսք արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարինա Պօղիկեան: Ան ներկաներուն յայտնեց, թէ այսօրուան հաւաքին նպատակն է մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին տարած մարդակերտումի եւ հայակերտումի յոյժ կարեւոր առաքելութեան եւ քաջալերել պատանիները, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն Դպրեվանքէն ներս:

Հոգեւոր բնոյթի գեղարուեստական յայտագիրով, Բարշ. Յակոբ Սրկ. Ջուլֆայեանի Դպրեվանքի 90-ամեակին ձօնած «Կանթեղ» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց՝ Դպրեվանքի շրջանաւարտ Բարշ. Կարօ Սրկ. Պալեան:

Այնուհետեւ, Դպրեվանքի Հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան ներկաներուն պարզաբանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին առաքելութիւնը, դիտել տալով, որ Դպրեվանքը մեր հոգեմտաւոր արժէքները պահող այն վայրն է, որ սովորական դաստիարակութենէ անդին կը ձըգտի նոր մարդ կերտել: Ան նշեց, թէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ յաճախակի կերպով կը շեշտէ, թէ Դպրեվանքը Կաթողիկոսութեան սիրտն է, Սփիւռքի ողնահարն է եւ հետեւաբար իւրաքանչիւրս, նոյնիսկ ծնողները պարտաւորութիւն ունինք այս ուղղութեամբ, մեր ազգի ընտիր զաւակները վստահելով Դպրեվանքին:

Ներկաները պաստառի վրայ հետեւեցան Դպրեվանքի ծառայական եւ հոգեւոր կեանքին անդրադարձող տեսերիզի ցուցադրութեան, որուն ընդմէջէն անոնք ծանօթացան Սիսէն Անթիլիաս, ապա Պիքֆայա հաստատուած Դպրեվանքի պատմականին, ուսումնակրթական կեանքին, Դպրեվանքէն ներս կիրարկուող աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, ձեռնադրութիւններուն եւ անոր հայաշունչ յարկէն ներս տիրող եղբայրական մթնոլորտին:

Հայր Սուրբը խորհրդակցելով ներկաներուն հետ, պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ լսեց անոնց շինիչ առաջարկները:

Հաւաքի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ գնահատեց Դպրեվանքի Հսկիչ Հայր Սուրբին եւ տեսչութեան տարած աշխատանքը այս ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ գնահատեց Թեմի Քահանայ Հայրերը, որոնք որեւէ ճիգ չեն խնայեր նոր աշակերտներ արձանագրելու աշխատանք տանելով:

Մասիս Եպիսկոպոս յատուկ կերպով անդրադարձաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Դպրեվանքի նկատմամբ ցուցաբերած հոգատար մօտեցումին, յատկապէս ուսումնական-կրթական կեանքի բարելաւման, կարգապահութեան եւ լաւ պայմաններու ապահովման, յայտնելով, որ Նորին Սրբութիւնը գահակալութեան առաջին օրէն իր ուշադրութեան առանցքը դարձուցած է Դպրեվանքը։ Սրբազան Հայրը այս առիթով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը՝ իր գահակալութեան 27-ամեակին առիթով, յայտնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակը հանդիսաւորապէս պիտի յիշատակուի Լիբանանի մէջ։

Սրբազան Հայրը Դպրեվանքէն ներս ունեցած իր փորձառութիւնը կիսելով ներկաներուն հետ, յորդորեց ծնողները, որպէսզի իրենց ընտիր զաւակները առաքեն Դպրեվանք, որպէսզի կազմաւորուելով բացուին աշխարհին եւ դառնան արժանաւոր հոգեւորականներ եւ կրթական մշակներ:

Աւարտին, Հայր Սուրբը Դպրեվանքի նոր արձանագրութիւններ ընդունեց:

Յիշենք, որ Հայր Սուրբը Երեքշաբթի, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիպում ունեցաւ հաւատացեալներուն հետ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան ծանօթացնելով անոնց՝ նոր աշակերտներու արձանագրութիւններ ընդունեց: Յառաջիկայ օրերուն, նոյն առաքելութեամբ ան պիտի մեկնի նաեւ Լաթաքիա եւ Քեսապ:

Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան