Թրքական լրատուական կայքերը կը հաղորդեն, որ մինչ Թուրքիա կը քննարկէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի  քրտական ուժերուն դէմ յատուկ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու հարցը, ուշագրաւ զարգացումներ տեղի կ’ունենան:

ԱՄՆ առաջին անգամ Chinook եւ Black Hawk զինուորական ուղղաթիռներու ներգրաւմամբ յատուկ զինուորական գործողութիւններ  իրականացուցած է Թուրքիոյ սահմանին չափազանց մօտ գտնուող ալ-Հումէրա շրջանին մէջ:
Ըստ զինուորական գործողութիւններու իրականացման վերաբերեալ տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ ՏԱՀԵՇ  ահաբեկչական խմբաւորման պարագլուխներէն մէկը գերեվարուած է վերոյիշեալ գործողութիւններուն ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ Էրտողան մեկնարկելիք զինուորական գործողութեան մասին ըսած էր հետեւեալը.
«Յառաջիկային մենք կը սկսինք նոր քայլեր ձեռնարկել մեր հարաւային սահմաններու երկայնքով 30 քմ. խորութեամբ կիսատ մնացած հատուածներուն մէջ անվտանգութեան  գօտիներ ստեղծելու համար»:
ԱՄՆ-ն ու Ռուսիա յայտնած են, որ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնը Սուրիոյ  մէջ կրնայ յանգեցնել բացասական հետեւանքներու:
Միւս կողմէ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտած է Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները, զանոնք  համարելով ապօրինի յարձակում, թշնամական դրսեւորում: