Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յայտարարած է, որ իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ հետ չէ քննարկած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործունէութիւնը։
 
«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը՝ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ», յիշեցուցած է ան։
 
Լաւրովի խօսքին համաձայն, քննարկուած են յետբարդոյթներու կարգաւորման գործընթացները, երեք եռակողմ յայտարարութիւնները։
 
Յիշեցնենք, որ 24 Փետրուարին Ուքրանիոյ մէջ սկսած ռուսական զինուորական գործողութենէն վերջ ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան յայտարարեցին, որ չեն համագործակցիր Ռուսիոյ հետ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ՝ այդպիսով խաչ քաշելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին վրայ: