Երկուշաբթի, 25 Յուլիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ դոկտ. Լուաա Սայյուհ եւ դոկտ. Մուհամմէտ Զանպուաա երդման արարողութիւն կատարեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին դիմաց՝ որպէս Հասիչէի եւ Համայի նորանշանակ նահանգապետներ։
Յետ երդման արարողութեան, նախագահ Ասատ հանդիպում ունեցաւ նորանշանակ նահանգապետներուն հետ եւ անոնց յաջողութիւն մաղթեց իրենց ստանձնած պաշտօններուն մէջ։
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսը։