“Արմէնփրէս”._ ՀՀ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթէոսեան 27 Յուլիսին ընդունած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր նախագահ Ապտուլլա Շահիտին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
 
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեան, Հայաստանի ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լիլա Փիտրս Եահեան, այլք։
 
Փոխվարչապետը ողջունած է Ապտուլլա Շահիտին Հայաստան կատարած առաջին այցելութեան առիթով եւ խորհրդանշական համարած է, որովհետեւ այս տարի կ’ամբողջանայ ՄԱԿ-ին մեր երկրի անդամակցութեան 30-ամեակը:
 
Համբարձում Մաթէոսեան բարձր գնահատած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր նախագահին ջանքերը՝ ուղղուած համաճարակի բացասական հետեւանքներու դէմ պայքարին եւ այդ նպատակով միջազգային հանրութեան ջանքերը համախմբելուն։
 
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-ՄԱԿ գործընկերութեան, ընդգծած է 2030_ի օրակարգին մէջ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու արդիւնաւէտ իրականացման անհրաժեշտութիւնը։
 
Հայաստանի փոխվարչապետն ու ՄԱԿ-ի Գլխաւոր նախագահը կարեւոր համարած են տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան պահպանումը եւ մարդու իրաւունքներու գերակայութիւնը։Ապտուլլա Շահիտ ողջունած է Հայաստանի կողմէն գործադրուող ջանքերը՝ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ուղղութեամբ։
 
Հանդիպումի ընթացքին փոխվարչապետը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կարիքներու լուծման հարցով ՄԱԿ-ի ներգրաւումին անհրաժեշտութիւնը, այնուհետեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, ընդգծելով, որ Հայաստանը հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ, որ կը մնայ միակ միջազգայնօրէն լիազօրուած միջնորդական ձեւաչափը։