ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանէն ետք, այս անգամ ՀՅԴ Հոլանտայի երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէհ Աբրահամեանի մուտքը հայրենիք արգիլուեցաւ։
 
Ան Յուլիս 31-ի վաղ առաւօտեան Երեւան ժամանած էր մասնակցելու ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարներուն:
 
Այս առթիւ, ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակեց.-
 
Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնները դարձեալ դրսեւորեցին իրենց հակահայ, ազգը պառակտող վարքագիծը։
 
Յուլիս 31-ին Հայաստան ժամանած ՀՅԴ Հոլանտայի Երիտասարդական Միութեան անդամ ընկերուհի Սիւնէհ Աբրահամեանի մուտքը հայրենիք արգելափակուեցաւ։
 
Վերջինիս ետ ուղարկելու որոշում կայացուած է առանց որեւէ հիմնաւոր բացատրութիւն կամ պատճառաբանութիւն ներկայացնելու։
 
Ան Հայաստան ժամանած էր մասնակցելու ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարներուն, որոնք երկշաբաթեայ դաստիարակչական օջախներ կը հանդիսանան նոր սերունդին փոխանցելու այլազան գիտելիքներ և յատկապէս ազգային գաղափարախօսութեան հիմնական սերմերը։
 
Ցաւալիօրէն պէտք է արձանագրենք, որ ՀՅԴ Բիրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտք գործելու արգելքէն և ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներու դէմ հալածանքներէ ետք, այս ապազգային իշխանութիւնը կը թիրախաւորէ նուիրեալ եւ ազգասէր սփիւռքահայ դաշնակցական երիտասարդութիւնը։
 
Անոնց մուտքը Հայրենիք կ՚արգիլուի եւ զուգահեռ այս իրողութեան՝ կ՚արտօնուի թուրք ազգայնականներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն, ինչին ականատես եղանք վերջին շաբաթներու ընթացքին։
 
Հաշուի առնելով, որ սահմանապահ ստորաբաժանումները կը գործեն հիմնականօրէն ՀՀ ԱԱԾ-ի ենթակայութեան տակ, կոչ կ՚ուղղենք ՀՀ Ա.Ա.Ծ.-ին պատշաճօրէն իրականացնելու իրենց սահմանուած գործառոյթները, չ՚ենթարկուելու ապօրինի քաղաքական հրահանգներու եւ գործելու իրենց կանոնակարգի, առաքելութեան եւ կոչումին համաձայն՝ պաշտպանելու եւ ամրապնդելու ՀՀ եւ Արցախի ազգային անվտանգութիւնը։
 
ՀՅԴ Երիտասարդականը, հակառակ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կազմակերպուած բոլոր բռնաճնշումներուն եւ հալածանքներուն, կը շարունակէ մնալ իր յանձնառութեան հաւատարիմ։ Ամէն գնով հեռացնել այս յանցաւոր վարչախումբը, վերականգնելու մեր խոցուած արժամանապատուութիւնը և վերջապէս լծուիլ Հայաստանի և Արցախի հանրապետութիւններու խարխլուած հիմնասիւներու վերակառուցման աշխատանքին։
 
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
 
31 Յուլիս, 2022