«Վարդ սիրողը՝ փուշերուն կը դիմանայ»: Յաճախ կը լսենք ժողովրդային այս խօսքը, բայց մարդ արարածը իւրովի կը հասկնայ անոր իմաստը, երբ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ:
Նման փորձառութիւն մը ապրեցայ, երբ ըմբռնեցի ատամնաբուժութեան համալսարանէն ներս ուսմանս չորրորդ տարուան դժուարութիւնները, բայց եւ այնպէս նախասիրած ճիւղս ընտրած ըլլալով ջանք չխնայեցի ու հասայ աւարտական կարգ։
Ուսմանս ուղին հետաքրքրական փուլերէ անցաւ: Երբ երրորդ տարին ամբողջացուցի, արդէն ըմբռնած էի որ շատ մը մարտահրաւէրներու դիմաց պիտի կանգնէի ու անձամբ ջանայի յաղթահարել զանոնք: Գործնական առարկաներու նիշերս ապահովելու համար, զորօրինակ, պէտք է վատառողջ ատամներ ունեցող մը գտնէի եւ համալսարանի վերահսկիչներուն հսկողութեան տակ բուժէի զինք:
Կ’ենթադրէի, որ պարզապէս վատառողջ ատամներ ունեցող անձ մը գտնելն էր դժուարութիւնը, բայց օրերու ընթացքին նկատեցի, որ մարդիկ ատամնաբուժի աթոռին նստեցնելը եւ զիրենք բուժման ենթարկելու համար համոզելը աւելի դժուար են։
Կրնա՞ք պատկերացնել, որ մինչ ատամնաբուժը կը փորձէ համոզել անհատ մը, որ ատամներուն հոգ տանի, խնդրոյ առարկան նկատել կու տայ, որ կը սարսափի ատամնաբուժէն…: Այս վախը յաղթահարել տալու համար ալ բաւական գործ ունի ատամնաբուժը, ըստ երեւոյթին:
Ի դէպ, յիշեմ որ ատամնաբուժութենէ վախնալը ո՛չ տարիքի հետ կապ ունի, ոչ ալ կազմուածքի կամ սեռի: Առիթով մը 30-ը անց երիտասարդ մը, որ Հալէպի պատերազմին օրերուն ապրած էր ամէնէն վտանգաւոր շրջաններէն մէկուն մէջ ու այնքան դիմացկուն դարձած էր՝ լսելով հարիւրաւոր պայթիւններ ու ապրելով ռմբակոծութիւններու ցնցումներ, ի զարմանս բոլորին ամբողջ մարմնով  ցնցուիլ սկսաւ, երբ ատամնաբուժական գործիքիս վզզոցը լսեց…:
Տակաւին ուրիշ մը հազիւ բերանը լայն բացած տեսաւ բերնին մօտեցող սարքը, ցաւի ճիչ արձակել սկսաւ, նախքան գործիքին բանիլը…:
Մենք՝ ատամնաբուժներս, սակայն, յուսահատելու չենք երբեք: Պիտի փորձենք փարատել մարդոց վախը, որ հաւանաբար հետեւանք է նախապէս պատահած դիպուածի մը, կամ մարդոց ըսի-ըսաւին:
Այս առիթով նման վախէ տառապողներուն կ’առաջարկեմ.
1-Եթէ կարելիութիւն ունիք, կանուխ ժամերու այցելեցէ՛ք ատամնաբուժարան, որպէսզի առաջին այցելուն ըլլաք եւ նախորդ այցելուին վիճակէն չազդուիք:
2-Վստահելի անձի մը ընկերակցութեամբ ներկայացէ՛ք ատամնաբուժին։
3-Եթէ վախի աղբիւրը գործիքին վզզոցն է,ականջակալներ օգտագործելով երաժշտութիւն ունկնդրեցէ՛ք։
4-Իսկ եթէ բժիշկին աշխատանքին ընթացքին վախ կը յառաջանայ ձեր մէջ, ձեր աչքերը փակեցէ՛ք, խոր ներշնչեցէ՛ք ու արտաշնչեցէ՛ք եւ բոլորովին տարբեր նիւթի մը մասին մտածեցէ՛ք։
Պէտք է  ըմբռնել վերջապէս, որ ոչ թէ ատամնաբուժն է վախազդուն, այլ՝ ատամին ցաւը, որ մեծ հաւանականութեամբ յառաջացած է ատամին ամենափոքր հարցը անտեսելնուդ հետեւանքով:
Մարինա Ասատուրեան