Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի հարցով, սերտ կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ։
 
ՏԱՍՍ գործակալութեան փոխանցումով, Ռուսիան ծայրայեղ անհանգստութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճին համար։
 
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակասութիւններու կարգաւորումը պէտք է լուծուի բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբով։