“Երկիր Մետիա”._Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտնած է, որ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ հանդիպումին կրկին առաջարկած է Թուրքիոյ մէջ հանդիպիլ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքիի հետ:
«Ի սկզբանէ ըսած եմ, որ Ուքրանիոյ պատերազմէն շահող կողմ պիտի չըլլայ: Հակառակ տեղւոյն առկայ դժուարութիւններուն, ես նաեւ վստահօրէն կը հաւատամ, որ ճգնաժամը պիտի կարգաւորուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Անգամ մը եւս յիշեցուցի Փութինին, որ մենք կրնանք ընդունիլ անոր ու Զելենսքիի հանդիպումը», օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է Էրտողան:
 
Ան տեղեկացուցած է, որ պիտի շարունակեն զարգացնել երկխօսութիւնը Ռուսիոյ հետ բոլոր ոլորտներու մէջ՝ «յանուն տարածաշրջանային ու համաշխարհային խաղաղութեան»: