ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շաբաթներ առաջ յայտնած էր, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը, Երեւանի մէջ ծաւալող բողոքի ցոյցերուն եւ Նիկոլ Փաշինեանի ազգակործան իշխանութեան հեռացնելու գործողութիւններուն զուգահեռ, աշխոյժ աշխատանքներ կը տարուին շարժումը մարզերուն մէջ եւս տեղափոխելու ուղղութեամբ եւ արդէն ձեւաւորուած են մարզային խորհուրդներ։
 
Օգոստոսի սկզբէն ՀՅԴ-ն եւ «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչները սկսած են մարզային այցելութիւններ իրականացնել եւ քննարկումներ ունենալ մարզերու մէջ համակիրներու եւ պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներով մտահոգ քաղաքացիներուն հետ։
 
4 Օգոստոսին Արարատի մարզին մէջ ՀՅԴ Արտաշատի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ մարզի դաշնակցական ընկերներոըւ, համակիրներու, Դիմադրութեան շարժումի աշխոյժ մասնակիցներուն հետ ծաւալուն քննարկում տեղի ունեցած է երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ վտանգներուն շուրջ՝ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ եւ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արգիշտի Գէորգեանի, Քրիստինէ Վարդանեանի եւ ԳՄ գործիչ Հրաչ Թադէոսեանի մասնակցութեամբ: Քննարկուած է «Դիմադրութեան» շարժումի՝ անցնող ամիսներու գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները, մարտահրաւէրներն ու ընելիքները։
 
Շարժումին ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ նախագահ Սիմոն Սիմոնեան եւ ԳՄ անդամները այնուհետեւ այցելած եւ հանդիպումներ ունեցած են համակիրներուն եւ մտահոգ քաղաքացիներուն հետ Սիւնիք, Վայոց ձորի, Գեղարքունիքի մէջ։