” Արմէնփրէս”._Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, 8 Օգոստոսին հեռաձայնային զրոյց տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ։
Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին զարգացումը, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին անվտանգութեան ապահովման առնչուող հարցեր: Ընդգծուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 9 Նոյեմբեր 2020_ի, 11 Յունուար 2021_ի եւ 26 Նոյեմբերի պայմանագիրներու բոլոր դրոյթներու կատարման կարեւորութիւնը։