Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 30 տարի առաջ այս օրը՝ 10 Օգոստոսին։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Եւրոմիութեան դիմատետրի էջը։ Յիշուած է, որ այդ ողջ ժամանակաշրջանին ԵՄ-ՀՀ երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւնները զարգացած եւ խորացած են։ Նոյեմբեր 2017_ին ստորագրուած եւ Մարտ 2021_ին գործադրութեան դրուած է համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը (ՀԸԳՀ), որ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր գործընկերութեան եւ Հայաստանի արդիականացման համար, յատկապէս՝ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ ԵՄ ձեւաչափերուն օրէնսդրական մօտարկումին համաձայն։ ԵՄ-ը կ’ակնկալէ աւելի սերտ աշխատիլ Հայաստանի հետ՝ մեկնելով փոխադարձ շահերէ եւ ի նպաստ մեր հասարակութեան եւ քաղաքացիներուն: