Հայաստանի Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Հանրային Խորհուրդը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճան արդէն մշակած է Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծ, որուն մասին յայտնած է Ատրպէյճանի “Յուշարձաններու Պաշտպանութեան Հասարակական Միաւորում” կազմակերպութիւնը, հրապարակելով համապատախան լուսանկար։ Նախագիծին համաձայն, պիտի անջատուի գմբէթի վեղարն ու զանգակատունը, պիտի կառուցուին երկու մինարեթներ։ Յստակ է նաեւ, որ եկեղեցւոյ պատերու բոլոր արձանագրութիւնները պիտի ջնջուին։