ՀՅԴ Երիսատարդական գրասենեակի աշխատանքներուն ծանօթանալու միտումով, «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ գրասենեակի պատասխանատու Ցօղիկ Աշըգեանի հետ՝ անոր Հալէպ գտնուելուն առիթով.
«Գ».- Կը հետեւինք ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի վերջին չորս տարիներուն ծաւալած աշխատանքներուն, որոնք ուշագրաւ են իրենց նորարարութեամբ եւ հայ երիտասարդին մէջ ազգային ոգի սերմանելու ուղղութիւններով: Այս առնչութեամբ աւելի կրնա՞ք մանրամասնել գրասենեակի գործունէութեան եւ կառոյցին մասին։ Ինչպիսի՞ աշխատանքներ կեանքի կոչուած են մինչեւ այսօր եւ ի՞նչ են ձեր յառաջիկայ ծրագիրները, մանաւանդ նկատի ունենալով Հայաստանի այսօրուան կացութիւնը:
Ց.Ա.- ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակի հիմնական գործը կը կեդրոնանայ պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու աշխատանքներուն վրայ։ Ինչպէս նաեւ կը համակարգէ ու կը վերահսկէ համահայկական տարբեր բնոյթի ծրագրեր:
Գրասենեակը տեղափոխուած է Հայաստան 2000-ական թուականներուն եւ հաստատուած է Երեւան: Այս թուականէն առաջ ան կը գործէր Լիբանանի մէջ, իսկ 2021 թուականին վեցամսեայ դրութեամբ տեղափոխուեցաւ Արցախ՝ Ստեփանակերտ, վերահսկելու յետպատերազմեան շրջանին ծաւալուած աշխատանքները: Այսօր Գրասենեակի պատասխանատուներն են ընկ. Արշակ Մեսրոպեանն ու ես:
Գրասենեակի աշխատանքները դիւրացնելու համար կը գործեն յանձնախումբեր, որոնք ունին ոլորտային բնոյթ։ Այս յանձնախումբերուն մաս կը կազմեն տարբեր շրջաններէ ընկերներ: Ունինք քարոզչական, դաստիարակչական, ուսանողական, պատանեկան, դէպի Երկիր յանձնախումբերը։ Դէպի Երկիր յանձնախումբը կը կազմակերպէ մեր Պատմական Հայրենիքի ամբողջ տարածքին իրականացող ծրագրեր, ինչպէս ճամբարներ, բանակումներ, ուխտագնացութիւններ եւ այլն: Յարաբերական յանձնախումբը կը ներկայացնէ ՀՅԴ Երիտասարդականը միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ:
ՀՅԴ երիտասարդականը այսօր կ’անդամակցի միջազգային երեք կազմակերպութիւններու՝ IFM.- International Falcon Movement, որ ամբողջ ընկերվար երիտասարդութիւններու պատանեկան միութիւններու համախմբումն է, IUSY.- International Union of Socialist Youth (Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Կազմակերպութիւն), որ կը միատեղէ ողջ աշխարհի մէջ ընկերվար գաղափարախօսութիւնը ունեցող երիտասարդական միութիւնները, որուն փոխնախագահի պաշտօնը կը վարէ ընկհ. Սարինէ Աբրահամեանը ( Երիտասարդական Գրասենեակի նախկին պատասխանատուն) եւ YES-ը Young European Socialist, որ Եւրոպայի ընկերվար երիտասարդական միութիւններու համախըմբումն է: Այս յանձնախումբի անդամները կը մասնակցին տարբեր համաժողովներու, խորհրդաժողովներու եւ նշեալ միութիւններու տարեկան ժողովներուն, ներկայացնելով բանաձեւեր, որոնք մասնաւորապէս կ’առնչուին մեր դատին, Արցախին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներուն հետ: Մեր ներկայացուցիչներու աշխատանքով յիշեալ միութիւնները իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն հայ երիտասարդին։ Օրինակ «Դիմադրութիւն» շարժումին ընթացքին IUSY-ին պաշտօնական յայտարարութիւնով դատապարտեց իշխանութեան ապօրինի ձերբակալումները:
ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակի աշխատանքներուն կ’օժանդակէ երիտասարդական խորհուրդը, որ կը բաղկանայ երէց փորձառու ընկերներէ։ Անշուշտ, այս բոլորը վերահսկողութեամբ Բիւրոյի երիտասարդական հարցերու լիազօր ընկ.Յովսէփ Տէր Գէորգեանի:
Գրասենեակի կարեւոր ծրագիրներէն են Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները, որոնց նպատակն է ամրապինդ պահել երիտասարդութիւնը իր հայրենիքին եւ իր ծննդավայրին մէջ, մանաւանդ Արցախի պատերազմէն ետք, երբ յուսալքուած վիճակ մը գոյութիւն ունէր երիտասարդներուն մօտ, անոնք շատ կը մտահոգուէին իրենց ապրուստի ապահովման հարցերով: Այս ժամանակշրջանին գրասենեակը վեցամսեայ դրութեամբ տեղափոխուեցաւ Արցախ եւ հոնկէ հսկեց աշխատանքները: Այս ծրագիրներէն առաջինը «Վերելք» էր, որուն մասնակցեցան աւելի քան հարիւր երիտասարդներ: «Վերելք»ը փոքր ձեռնարկութիւններու քաջալերման ծրագիր է:
Երիտասարդները մասնակցեցան դասընթացքներու, իսկ լաւագոյնները անցան յաջորդ հանգրուան, ուր յաղթողները ստացան նիւթական պարգեւ, որպէսզի իրենց ձեռնարկութեան իրականացման համար գործնական քայլի անցնին։ Նոյն այս ծրագիրը իրականացաւ Սիւնիքի մէջ «Վերելք Սիւնիք» անուան ներքեւ: Մինչեւ այսօր կը հետեւինք անոնց աշխատանքներուն եւ արդիւնքները շատ լաւ են: Այս ծրագիրը բարեգործական բնոյթ չունի, այլ փաստ մըն է, որ երբ երիտասարդը քաջալերող ունենայ, կրնայ իրականացնել իր ծրագիրները: Յատկացուած գումարները երիտասարդները ժամանակի ընթացքին առանց տոկոսի պիտի վերադարձնեն: «Վերելք» ծրագիրը շարունակական բնոյթ ունի: Արցախի մէջ կազմակերպուեցան նաեւ միութիւնները վերաշխուժացնելու աշխատանքներ, ճամբարներ եւ բանակումներ: Այս աշխատանքները եղան համագործակցաբար ԱԵՄ-ի հետ:
Սիւնիքի ծրագիրները ամփոփուեցան «Դէպի Սիւնիք» վերնագրին ներքեւ: Առաջին քայլով ՀԵՄ-ի անդամ ընկ. Գոր Մաթեւոսեանը տեղափոխուեցաւ Սիւնիքի Կապան քաղաքը, ուր կազմակերպուեցան արշաւներ, ճամբարներ, ուսումնասիրական մրցանք եւ Երեւանի պետական համլսարանի մէջ խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան Գորիսի համալսարանին աշակերտները: Սիւնիքի աշխատանքները եղան համագործակցաբար ՀԵՄ-ի հետ:
Յառաջիկայ շրջանին ունինք ուսանողական եւ պատանեկան խորհրդաժողովներ:
«Գ.»- Երիտասարդները ձեր աշխաատանքներուն մէջ ներգրաւելու դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ՞ք։ Եթէ՝ այո՛, ի՞նչ են այդ դժուարութիւնները եւ ձեր որդեգրած լուծումները:
Ց.Ա.- Այս դարաշրջանին երիտասարդութիւնը հասարակական, միութենական եւ կամաւորական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելու գործը բաւական դժուարութիւններ ունի, բայց մենք որպէս կազմակերպուած եւ տարիներու փորձառութիւն ունեցող կառոյց՝  այդ բոլորը որպէս մարտահրաւէր կ’ընդունինք։ Իւրաքանչիւր շրջան ունի իր տեղական խնդիրները կամ մարտահրաւէրները, շատ ատեն ընդհանրական պատկեր տեսնելու դժուարութիւնը կայ, հոս շատ կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր ընկեր, ո՛ր շրջանէն ալ ըլլայ, կարենայ հաւասարեցնել տեղական ու համահայկական հարցերու տեսողութիւնը։
«Գ.» Համագործակցութեան ի՞նչ եզրեր կան Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդական կազմակերպութիւններուն միջեւ:
Ց.Ա.- Շատ կարեւոր է Սփիւռքի եւ Հայաստանի միութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդումը, կը կարծեն, որ այս մէկը միայն համահայկական միջոցառումներու ճամբով կարելի կ’ըլլայ: Սակայն այդպէս չէ, կարելի է այլ ձեւերով, օրինակ Արցախի ընկերները երբ գործուղուեցան Սուրիա, այդ ծրագիրը շատ դրական ազդեցութիւն ձգեց թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Արցախի ընկեներուն վրայ, որոնք նոր թափով վերադարձան եւ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը: Շատ կարեւոր է մշտական պահել կապերը, մանաւանդ որ կ’ապրինք դիւրին հաղորդակցութեան դարաշրջանի մէջ:
«Գ.»- Հայ երիտասարդը որքանո՞վ մտահոգ է Հայրենիքի ներկայ իրավիճակով եւ ինչպէ՞ս կը յայտնէ իր դժգոհանքը:
Ց.Ա.- Որպէս Դաշնակցական երիտասարդութիւն միշտ ալ ունեցած ենք մեր ըսելիքը, թէ գնահատած ենք եւ թէ չենք վարանած բարձրաձայնել այն ինչ որ սխալ տեսած ենք: Ամենակարեւորը, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին մենք դիմադրեցինք եւ բարձրաձայնեցինք մեր մտահոգութիւնները երբ որեւէ իշխանութիւն անցաւ մեր սկզբունքային կարմիր գիծերը: 2018-ին մենք մեր ձեռքը մեկնեցինք նորընտիր իշխանութեան, բայց երբ ան անցաւ կարմիր գիծերը՝ մշակութային, ընկերային, քաղաքական ոլորորտներու մէջ եւ մանաւանդ երբ անցաւ Հայրենիքի կարմիր գիծը, այն ատեն էր, որ մենք դիմադրեցինք: Մղուող բոլոր պայքարներու ընթացքին, երբ կը փորձեն արգիլել դաշնակցականներու մուտքը Հայրենիք, ապօրինի կալանաւորել եւ կամ  նոյնիսկ հալածել, չեն կրնար կասեցնել մեր գործունէութիւնը, որովհետեւ մահէն չվախցող երիտասարդութիւնը պիտի չվախնայ անոնցմէ: Հետեւաբար մենք կանք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ եւ ամէն երիտասարդ Հայրենիքի կամ Սփիւռքի մէջ պէտք է գիտակցի, որ ունի շատ մեծ եւ լուրջ պարտականութիւն Հայրենիքի նկատմամբ:
Հարցազրոյցը վարեց 
Արփի Գէորգեան