Արտագաղթը հայրենիքէն պարտադրաբար կամ կամաւոր հեռանալն է մէկ այլ երկիր՝ մշտապէս կամ ժամանակաւորապէս բնակելու համար:
Մարդիկ կը դիմեն արտագաղթի զանազան պատճառներով՝ քաղաքական, տնտեսական, կենցաղային եւ այլն: Այստեղ կարեւոր է պետութեան գործօնը աղէտալի այս երեւոյթին ընթացքը կանխելու համար:
Հայաստան պատմութեան օրերէն եղած է թիրախ կողոպուտի ու թալանի: Այդ թալանը սկսած է այն օրէն, երբ մոնկոլներ, արաբներ ապա թուրք սելճուքներ եկած են Հայաստան աշխարհ: Նման ախորժակներով Հայաստան խուժած են նաեւ պարսիկները եւ Ռուսական Կայսրութիւնը:
Վերոնշեալ ազգերը, պետութիւնները իւրաքանչիւրը բացասական, երբեմն հայաջինջ քաղաքականութիւն վարած է, սակայն հայութիւնը կրցած է իր ինքնութիւնը պահպանել:
Հայեր Քրիստոսի օրերէն ներկայութիւն եղած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որուն վկան են Սուրիոյ, Լիբանանի,Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Յունաստանի, Կիպրոսի  եւ Պարսկաստանի հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը, սակայն Օսմանեան Թուրքիոյ կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութիւնը հանդիսացած է այդ տարիներուն հայկական նոր գաղութներու յառաջացման հիմնական պատճառը:
Հայկական ամենակազմակերպուած եւ աշխոյժ գաղութները եղած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի գաղութները, սակայն այս երկու մեծ գաղութները տարիներու ընթացքին ենթարկուեցան պատերազմի: Լիբանանն ու լիբանանցիք դիմակայեցին, բայց գաղութը նօսրացաւ արտագաղթին հետեւանքով: Նոյնը եղաւ Սուրիոյ պարագային. վերջին տասը տարիներուն մեծ թիւով հայեր գաղթեցին ԱՄՆ եւ Քանատա, իսկ ստուար թիւ մըն ալ հայրենադարձ եղաւ:
Այս գաղութները, շնորհիւ հայկական միութիւններուն եւ Հայ եկեղեցւոյ ու իր գահակալներուն, կը շարունակեն իրենց ազգանուէր աշխատանքը:
Մեր երկու Սուրբ աթոռներու՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցեալի եւ ներկայի գահակալները աստուածատուր շնորհքներու տէր կաթողիկոսներ են: Իրենց ազգային եւ կրօնական ծառայութեան կողքին, անոնք իրենց մայրենիին կողքին կը տիրապետեն բազում լեզուներու, ինչ որ հպարտութեամբ կը լեցնէ մեր հոգիները:
Առիթով մը լաթաքիաբնակ ակնաբուժ, յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ քահանայ հայր Իսա Քտէյս պատմեց, թէ ներկայ եղած է Աւստրալիոյ Եկեղեցիներու համագումարին, ուր ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.կաթողիկոս սրբագրած է անգլիացիներուն շարադրած եկեղեցական ժողովին հաղորդագրութիւնը:
Այո՛, եկեղեցին հայկական եղած է եւ է մեր հոգւոյն ծննդավայրը:
Ու թէեւ մենք որպէս ազգ կորսնցուցած ենք հայրենիք, հայրենի հող, սակայն պահպանած ենք մեր ինքնութիւնը շնորհիւ մեր հաւատքին ու կամքին:
Եթէ եկեղեցին եղած է հոգեւոր տաճար, հայ դպրոցը եղած է հայ ազգին Մեսրոպեան տաճարը, ուր հայ սերունդներ ստացած են ու կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն:
Այսօր կ’ապրինք ճակատագրական պահեր: Համաճարակ  եւ ահաւասիկ պատերազմ… նոր գաղթականներ, նոր գաղութներ կը յառաջանան:
Ռուսիա-Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով կրկին հայկական գաղութներ կը նօսրանան եւ կրկին գաղթականներու պատկեր կը պարզուի:
Արցախի պատերազմն ու հողերու յանձնումը կրկին գաղթի պարտադրանքին տակ կը դնեն մեր հայրենակիցները:
Այս բոլորը կարելի է դիմակայել օգտագործելով ինքնապաշտպանութեան օրէնքները: Այդ օրէնքները արդիական կապի միջոցներն են: Առցանց կապերով կրնանք օգնել մէկս միւսին տարբեր հարցերու լուծումներ գտնելով:
Այստեղ կ’ուզեմ յիշեցնել, որ նշուած հայկական համայնքները, թէեւ նօսրացած են, սակայն իրենց ինքնութիւնը կը պահեն այս անբնական պայմաններուն մէջ, ուստի կարիքը ունին համայն գաղթօջախներու նիւթական եւ բարոյական օգնութեան:
Նոյնն է պարագան Արցախի հայութեան, որ բարոյական եւ նիւթական  մեր կարեւոր աջակցութեան կարիքը ունի:
Իսկ մենք, անմար պահելու համար հայկական կանթեղը, ողջ հայութեան համազգային ուժին համադրման կարիքը ունինք այսօր՝ աւելի քան երբեք:
Մէկտեղուած մեր ուժով կրնանք յաղթահարել տարբեր դժուարութիւններ:
Տոքթոր Նորայր Մանճեան