“Երկիր Մետիա”._5 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Նախարար Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնած է Աֆղանիստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան մօտ պայթումին հետեւանքով զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է տուժածներուն:

Հանդիպումի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով մանրամասն անդրադարձ կատարած են հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող շարք մը հարցերու, ներառեալ` առեւտրատնտեստական եւ գիտամշակութային ոլորտներու մէջ գործակցութեան։

Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը եւ բարեկամութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագիրի 25-ամեակը, կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են բոլոր ամենաբարձր մակարդակներու վրայ հաստատուած աշխոյժ երկխօսութեամբ, ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու սերտ գործակցութեամբ:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու լայն շրջանակ: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու, տարածաշրջանի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներու մասին։

Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու:

Արարատ Միրզոյեան կարեւոր համարած է ռուսական կողմի ջանքերը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներու մէջ՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման:

Վերահաստատուած է 9 Նոյեմբեր 2020-ի, 11 Յունուարի 2021-ի եւ 26 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռքբերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:

Կարեւոր համարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դերակատարութիւնը՝ հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի ամրապնդման եւ սադրանքներու կանխումին, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսագործունէութեան պայմաններու ապահովման։

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդկային հարցերուն՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է հայ ռազմագերիներուն եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ հայրենադարձումին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Նախարարներ Միրզոյեանն ու Լաւրով քննարկած են Ռուսիոյ նախագահի՝ Հայաստան նախատեսուած պետական այցելութեան ու Երևանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպումի ընթացքը։