ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչ Նենսի Փելոսի պիտի այցելէ Հայաստան քոնկրէսական Ճէքի Սփեյըրի (ծագումով հայ) ուղեկցութեամբ: Նախատեսուած է, որ ան Երեւանի մէջ հանդիպի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան այլ պաշտօնեաներու հետ։

Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Ատրպէյճանի յարձակումին յաջորդող օրերուն, ինչ որ ուղերձ մը կրնայ ունենալ խաղսղութիւնը խախտող կողմերուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին։