Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, Քրեմլինի մեծ պալատի Ալեքսանդրովեան սրահին մէջ, օտարերկրեայ 24 նոր դեսպաններու հաւատարմագրերու ընդունման արարողութեան ընթացքին, Վլատիմիր Փութին Երեւանին ու Պաքուին զսպուածութեան կոչ ուղղած է:
«Կ՛ընդգծեմ, որ մեզի համար մօտիկ պետութիւններու միջեւ որեւէ հակամարտային կացութիւն լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Մենք բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` զսպուածութիւն դրսեւորելու, խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ վճռականօրէն հետեւելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններուն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
«ՀԱՊԿ-ի գծով քայլերու կը ձեռնարկուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սրումը նուազեցնելու համար», ըսած է Փութին:
«Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գծով քայլերու կը ձեռնարկուին հայ-ատրպէյճանական սահմանային գօտիին մէջ կացութեան սրման առումով: Բախումի գօտի ուղարկուած է յատուկ առաքելութիւն` ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորութեամբ: Անոր յանձնարարուած է Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդին համար առաջարկներ պատրաստել` հիմնուելով վիճակի ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն վրայ», ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:
«Օգտուելով առիթէն` կ՛ուզեմ շնորհաւորել եղբայրական հայ ժողովուրդը եւ երկրի ղեկավարութիւնը վաղը նշուող Անկախութեան տօնին առիթով: Այս տարի միեւնոյն ժամանակ կը նշուի երկու նշանակալից տարեդարձ` մեր երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան հիմնարար համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակը», ըսած է Փութին` աւելցնելով. «Մոսկուան եւ Երեւանը կը շարունակեն աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն»:
Փութին յիշեցուցած է, որ միայն 2022 թուականին ինք երեք անգամ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, ներառեալ վերջերս Վլատիվոսթոքի մէջ` Արեւելեան տնտեսական համախմբումին ընթացքին:
«Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ Փութին յայտարարած է. «Մենք կը հիմնուինք անոր վրայ, որ վիճելի տարածքային հարցերու լուծման բանալին, Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմանի յանձնախումբի ծիրին մէջ արհեստավարժ եւ միացեալ աշխատանքին մէջ է»: