parstoday.com-ի համաձայն, Իրանի Իսլամական խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի ղեկավարը ըսած է. «Իրան տարածաշրջանի սահմանները փոխելու երազանքը մղձաւանջի կը վերածէ»:
Ուահիտ Ջալալզատէ պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն  յայտնելով Ատըրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններուն տեղի ունեցած վերջին բախումներուն ըսած է. «Իսլամական խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովը կ’ուսումնասիրէ  վերջին զարգացումները»:
Ան յայտարարած է, որ Թեհրան Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Թուրքմենստանի եւ խորհրդային այլ հանրապետութիւններու հետ եղած է անոնց անկախութեան առաջին իսկ օրերէն եւ տարբեր օգնութիւն ցուցաբերած է այդ երկիրներու կառավարութիւններուն, աւելցնելով որ. «Իրան կը կանխէ տարածաշրջանի սահմաններու փոփոխութիւնը»:
Իրանի տարբեր պաշտօնեաներ նոյնպէս զգուշացուցած են Ատրպէյճանն ու տարածաշրջանի այլ դերակատարներ  տարածաշրջանի սահմաններու փոփոխութեան սարսափելի հետեւանքներէն եւ Իրանի կոշտ արձագանգը լուսարձակի տակ առած են, նշելով, որ այդ մէկը Թեհրանի համար կարմիր գիծ է: