Վան, Աղթամար վանք, Նեմրութ սար
Ահեղազօր հոսքով եւ հրաշալի երեւոյթով «Բերքրի» ջրվէժներու փայլփլող ջուրերու տարափով եւ անցեալի կարօտի երազներով ու ներկայ ափսոսանքներով տարուած էի. պապերուս հարազատ պատմական հողերն ու հոսուն ջուրերը այսօ՛ր, իմ ժողովուրդիս ծառայող վայելք չեն, այլ…:
Մտորումներուս հետ հասած էինք անթիւ ու անհամար պատանի սերունդներ թրծած եւ ազգային ու հայրենական ոգիով դաստիարակած, յեղափոխական մեծ գրողի՝ Րաֆֆիի «Կայծեր» վէպի հերոսներ՝ Ասլան, Կարօ, Սագօ եւ Ֆարհատի այգեստան Վանը, որ իր գեղադէմ դաշտային դրուածքով, կղմինտրէ ծածկ ունեցող տանիքներով, միայարկանի կառոյցներով եւ տարածուած շուկաներով մեզ դիմաւորեց: Հայկական Վանի գորգեր ցուցադրուած էին վաճառքի, կային նաեւ կնոջական ոտնամաններ եւ պայուսակներ՝ գործուած Վանի հայկական արուեստի ոճով եւ երանգներով…անմիջապէս մտածեցի, որ ասոնք գործող վարպետը հայ ըլլալու էր, մօտեցայ եւ հարց տուի տիրոջ, թէ ո՞վ էր իր վարպետը, որուն միջոցաւ սորված էր Վանի յատուկ այս արուեստը: Ան նախ զարմացաւ որ իր լեզուով՝ թրքերէնով հարցում ուղղեցի եւ հարցումիս հարցումով պատասխանեց.
«Իսկ դուն ուրկէ՞ սորված ես մեր լեզուն»… հայու արիւնը խուժեց գլուխս. «Իմ պապերս այս հողերուն արդա՛ր տէրերն էին: Ձեր կողոպտիչ եւ անարգ պապերը մորթեցին ու վտարեցին մեզ այս հողերէն, ահաւասի՛կ ես, վերապրող պապիկիս հետ սորված եմ ձեր լեզուն եւ որ հիմա արդար բարկութեամբ կը պատասխանեմ ձեր լեզուով», ըսի… եւ խոր շո՜ւնչ մը առի, յիշեցի որ մեր առաջնորդին խոստացած էի հարց չստեղծել…ներող եղէ՛ք, պրն.Արման…: Վարպետը գլխահակ լուռ մնաց…«Պապիկս փրկուած է ջարդէն եւ ան փոխանցած է մեզի այս արուեստը.. Մենք նոյն արիւնը ունինք մասամբ…», ըսաւ վարպետը: Լուռ էինք երկուքս:
Հաւատա՞լ, թէ…:
Պապերուս յիշատակին Վանի գործերէն գնեցինք ու «հանգիստ» սրտով հեռացանք:
Յաջորդ մեր կայանը ուղղուեցանք. այլազգի զբօսաշրջիկներով բեռնաւորուած մեր նաւը կը յառաջանար Վանայ լիճի լազուարթ կապոյտին զուլալ ալիքներով, ուր մեր յուզիչ, բայց մասամբ յաղթական «Ախթամար» երգով հետաքրքրեցինք եւ ապշեցուցինք ճամբորդները: Լաց ու խինդ կար մեր ձայներուն մէջ: Վանայ լիճին ջուրը կարծէք անբաժան  կ’ընկերանար մեզի, ան նաեւ հաւանաբար կ’երգէր, կը գոռար եւ արցունքոտ ալիքներով կը յառաջանար մեր նաւարկութեան հետքերով: Ոտքս հազիւ ափը դրած էի, եւ արդէն, չեմ յիշեր ինչպիսի՞ խո՜ր հոգոց մը հանեցի ու արցունքներս յորդեցան, չէի սրբեր արցունքներս, ազատօրէն թող թափին, Ա՜խ-Թամարի մեծ սիրոյ յիշատակին՝ մտածեցի: Հապա վանքը…Աստուա՜ծ իմ, իսլամական «Պայրամ»-ին առիթով խիտ երթեւեկութիւնը  լեցուցած էր վանքին շրջապատը, եւ թուրքերով ու քիւրտերով լի բազմութիւնը վանքի խորանին մօտ՝ շշմեցուց մեզ: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ մեր տունն ու տեղը, մեր վանքերն ու պարիսպները հիմա մեզ «հիւրաբար» կը դիմաւորէին…   Զարմանալի՞ է, թէ չէ…
«Աւա՜ղ փառացս անցաւորին»…
Այսօ՛ր, մե՛նք, լո՛ւռ ու մո՛ւնջ… մնացեա՛լը կը յ-ա-ն-ձ-ն-ե՛-ն-ք… :
Լուռ չէր Աղթամար կղզին ու Ս.Խաչ վանքը: Հոծ եւ օտարոտի բազմութիւն մը ազատօրէն կ’աղմկէր ու կը քրքջար վանքին շուրջ եւ նոյնիսկ  խորանին շուրջ եւ վրան: Է՜հ, անոնց համար Ախթամարը աղօթատեղի չէ՛ր, այլ զբօսնելու եւ զուարճանալու եւ նկարուելու վայր…:
ՏԷ՜Ր ՈՂՈՐՄԵԱ՜-ն խոր յուզումով ու սրտափուխ ձայնով մը հնչեց մեր կոկորդէն ու ցայտելով չորս դին լռեցուց բազմութեան աղմուկը… յանկարծ ուսս ցնցեցին…արցունքոտ աչքերս բացի, թուրք զինուորը, որ ձեռքի կտրուկ նշանով մը լռութիւն կը հրահանգէր…հոգս չէր, դարձեալ փակեցի փղձկոտ աչքերս ու հոգիէս փխած աղօթքն առ Աստուած հասցուցի իր աւարտին եւ դուրս նետուեցայ՝ շունչս բաւարարելու համար…ոստիկանը հետեւեցաւ ինծի, բայց շուտով, ինքն իր մէջ, հասկցաւ որ սովորական հայ մըն եմ, կորուսեալներուս յիշատակին՝ արտասուելու եկած եմ եւ ոչ թէ թալանուածը, այս անգամ, «իրաւունքով» վերցնելու եկած եմ, կարծեմ այսպէս մտածեց ու հեռացաւ:
Կլանուածի եւ թալանուածի հոգեբանութեամբ շրջեցանք  վանքին արտաքին մասը, ուր պատերուն վրայ անշնչացած  սրբանկարներն ու գրութիւնները յոյս ներշնչեցին: Աղթամար վանքէն բաժանումը, կրկին վանայ լճի կապուտակ ջուրերով, առաւել ցաւոտ էր. է՜հ, բաժանումը միշտ ցաւոտ եղած է, մտածեցի, սակայն դարմա՞նը: Փորձեցինք հաւատալ, որ գտանք՝ ափին ճաշակուած Վանայ Տարեխով ..Համեղ՜ էր..շա՜տ- շա՜տ համե՛ղ…բայց, ինչպէս փշո՛տ, նոյնպէս  ցաւո՛տ կորուսեալի յուշերով:
Խրիմեան Հայրիկի շունչով եւ հետքերով, հողին ուժն ու խորութիւնը ապրեցանք, երբ կը շրջէինք ցանուած դաշտերուն մէջ՝ «Հայրիկ»-ին ոտնահետքերով: Հոգեւորական մը, որ ոչ միա՛յն հոգեւոր, այլ նաեւ հոգատա՛ր հայր էր, ցանող ու հնձող էր, զինուած էր հայրենասիրութեամբ, զէնքը ձեռին պատգամած էր իր ժողովուրդին.
«Ծախեցէ՛ք ամէն ինչ եւ ԶԷ՛ՆՔ գնեցէ՛ք, թշնամին տիւ ու գիշեր զինուած ձեր շուրջը կը դառնայ…»:  Սակայն՝ ձայն բարբառոյ յանապատի. մենք մեր դասը չառինք ու չառինք…ա՛ռ այսօ՛ր..:
«Այգեստան Վան»-ին հրաժեշտ տուինք, խոստանալով որ ցրիւ եղած իր զաւակները, խումբ առ խումբ, յարատեւ պիտի փափաքին այցելել Վան, իրենց ուխտը նորոգելու, որպէս մեր իմաստուն «Հայրիկ»-ին թոռներն ու ծոռերը..:
Անցանք Խալտեան, Ռշտունեաց դարպասներով, Մհերի Դուռով: Հեռուէն երեւցաւ խրոխտ Վանի բերդն ու անցեալի հայ հեթանոսական մեծ սրբավայր, աշխարհի 8-րդ հրաշալիքը համարուող Նեմրութ լեռը, որ կարծէք տեղեակ էր, որ իր հարազատ զաւակները կու գային իրենց անցեալի աստուածները փառաբանելու անգամ մը եւս, անոնց կայունութեան եւ բարձրութեան հպարտութիւնը ապրելու:
Բա՛րձր էր Նեմրութ լեռը, այնպէս ինչպէս բարձր էր իր խորհուրդը, իսկ ուխտագնացութիւնը բարձր ոգի եւ կամք կը թելադրէր … հեւալով եւ երբեմն կանգ առնելով, մերթ ընդ մերթ ետին նայելով, առաւել ոգեշնչուած կը շարունակէինք բարձրանալ եւ վերջապէս հասանք 3050մ. բարձրութեամբ Նեմրութ սարին գագաթը, ուր զբօսաշրջիկներու հոծ բազմութիւն մը նաեւ ապշած եւ գրաւուած կը զննէր հայ հեթանոսական աստուածներու կանգուն եւ հսկայաբարձ յուշարձաններն ու կիսանդրիները:Այնտեղ նըշմարելի գրութիւններով կը բացակայէր անշո՛ւշտ՝ «հայ» անունը եւ շեշտը դրուած էր միայն  յունական աստուածներու վրայ:
Սակայն Անահիտի, Միհրի, Տիրի եւ Վահագնի արձանաշարերը մեզ կը վստահեցնէին, որ «իրականութիւնը արեւու լոյսին տակ կարելի չէր շրջել կամ պահել»: Է՜հ, հայու բախտ եւ ճակատագիր:
Վերջապէս բարձունքէն վար հորիզոնէն երեւցող արեւամուտը հաստատեց նոր արեւածագի մօտալուտ ժամանումը.  «Մօտալուտ արշալոյսի մը ոտնաձայնները կը լսեմ»… տարաբախտ բանաստեղծ Դ.Վարուժանի միտքերով:
Մայրամուտի խոնարհ, բայց եւ խոստմնալից հրապոյրով, ծանր քայլերով հասանք լերան լանջին..
Անհամբեր առաւօտեան արեւածագին սպասելով. չեմ յիշեր, թէ քնացա՞ծ էի այդ գիշեր:
Եւ արդէն դէպի Բաղէշ եւ Տիգրանակերտ ու Մուշ…
Կը շարունակեմ գրել մեծ կարօտով ու… յաջորդ թիւերով:
(Շար.2)
Սոնա Մատարեան