Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց թրքական ուժերուն աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր Հասիչէի բնակիչները խմելու եւ առօրեայ գործածութեան ջուրէն զրկելը։

Նախարարութիւնը աւելցուց. «ՄԱԿ-ին եւ անոր ենթակայ հաստատութիւններուն յիշեալ անմարդկային արարքը անտեսելը առիթ կու տայ թրքական ուժերուն յաւելեալ ոճիրներ գործելու եւ Հասիչէի բնակչութիւնը տառապեցնելու»։
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Այս բոլորին պատաախանատուութիւնը կը կրեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները։ Ուստի անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղենք ՄԱԿ-ին թրքական ուժերուն վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի վերջ տան սուրիացիներու դէմ իրենց անմարդկային արարքներուն»։