Արցախի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը ատրպէյճանական մարտական դիրքէն կրակ արձակած է Հացի գիւղի դաշտին մէջ աշխատող քաղաքացիին ուղղութեամբ։
«18 Նոյեմբերին ժամը 12:15-ին Հացի գիւղի 43-ամեայ բնակիչ Իկոր Աբրահամեան ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժին դիմած է, որ Հացի գիւղի վարչական տարածքի «Կաղնիին տակ» կոչուող տեղամասին մէջ «Պելառուս» մակնիշով բեռման մեքանաներով գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու ատեն, յարակից ատրպէյճանական մարտական դիրքէն հրաձգային զինատեսակներէն կրակ արձակուած է իր ուղղութեամբ։
Հրադադարի խախտումին պատճառով աշխատանքները դադրած է։

Վնասուած է բեռման մեքենայի անիւաթեւը եւ անվասկավառակը։
Քաղաքացիական անձերու շրջանին տուժածներ չկան։

Ստուգումով կը զբաղի ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինը։ Նիւթեր կը նախապատրաստուին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ներկայացնելու համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։