Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելագիտութեան հիմնարկը 23 Նոյեմբերին կազմակերպած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ առնչուած գիտաժողով եւ հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Յարգելի՛ գործընկերներ եւ ուսանողներ,
23 Նոյեմբերի ժամը 10:30-էն 16:30 ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը՝ ՀՀ-ի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ միատեղ, կազմակերպած է միջազգային գիտաժողով՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹՒՆՆԵՐ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԱՐԴԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ» (“ARMENIAN-SYRIAN RELATIONS: HISTORICAL ENCOUNTERS, CURRENT DEVELOPMENTS AND PERSPECTIVES”) նիւթով:
Գիտաժողովը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30 ամեակին:

Գիտաժողովը նպատակ ունի դիւանագիտական եւ ակադեմական շրջանակներու ներգրաւումով` գիտական դիւանագիտութեան հարթակի վրայ (platform of Science diplomacy) քննարկել հայ-սուրիական յարաբերութիւններու պատմական զարգացման տարբեր փուլերը, արդի շրջանի տարածաշրջանային կերպափոխումներու եւ մարտահրաւէրներու առանցքին դրսեւորուող առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ հեռանկարները: Յատուկ քննարկումի առարկայ է սուրիական ճգնաժամը, ներսուրիական, տարածաշրջանային եւ միջազգային դերակատարներու ներգրաւումն ու անոր ազդեցութիւնը տարածաշրջանային գործընթացներուն վրայ:

Պիտի քննարկուին նաեւ սուրիահայ համայնքի արդի հիմնախնդիրներն ու զարգացման կարելի հեռանկարները:
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին շարք մը դիւանագէտներ՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ՀՀ առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պր. Դաւիթ Յովհաննիսեան, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (2007-2018 թթ.), Թունէսի Հանրապետութեան եւ Մարոքոյի Թագաւորութեան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պր. Արշակ Փօլատեան, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պր. Տիգրան Գէորգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Նորա Արիսեան, ՀՀ-ի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախկին դեսպան պր. Մուհամատ Հաճ Իպրահիմ, ՀՀ-ի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանութեան հիւպատոսական եւ տնտեսական կցորդ պր. Ահմատ Հասան Ալատպա, ՀՀ-ի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար (Chargé d’affaires) տիկին Ահլամ Ռաշիտ ալ-Սալամին, ՀՀ-ի Իրաքի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար պր. Սուհէյլան Մ. Խալիլ Ալ-Ճուպուրին, ՀՀ-ի Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարի տեղական պր. Մուհամետ Սալահ և այլք:

Գիտաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժինի ակադեմիկոս-քարտուղար պր. Եուրի Սուվարեան, ԵՊՀ Արեւելագիտութեան ֆակուլտետի տեքան պր. Ռուբէն Մելքոնեան։Գիտաժողովին կը մասնակցին առաջատար հետազօտողներ ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկէբ, Երեւանի պետական համալսարանէն, Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկէն և այլն:

Սիրով կը սպասենք բոլորդ:

Հրաւէրն ու գիտաժողովի ծրագիրը կցուած են:

Հասցէ՝ Մարշալ Բաղրամեան 24, ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճ

Աշխատանքային լեզուներ՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն»