Շաբաթ, կէս գիշերուան ժամը 00:00-ին, թրքական ուժերուն ենթակայ զինուորական օդանաւեր Հալէպի, Հասիչէի եւ Ռաքքայի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան տարբեր շրջաններու, գիւղերու եւ քաղաքներու վրայ յարձակում գործեցին։
Տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ թրքական օդանաւերը թոիրախ դարձուցին Հալէպի հիւսիսային արուարձանի «Մանկ», «Այն Տաքնա», «Այն Արապ», «Թալ Ռաֆաաթ», «Մարաանազ» գիւղերը, Ռաքքայի արուարձանի հիւսիսարեւելեան «Այն Իսա» աւանը, Հասիչէի հիւսիսարեւելեան «Մալքիէ» արուարձանի «Քարաչոք» լերան տարբեր շրջաններ, Հասիչէի հիւսիսարեւմտեան «Տրպէսիէ» աւանի տարբեր շրջաններ, իրաքեան «Սուլէյմանիէ» նահանգէն շրջաններ եւ Էրպիլ նահանգի «Սանքասար»ի շրջանը։
Թրքական օդային յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական ահաւոր վնասներ։