Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են Ատրպէյճանի փորձերը՝ չեղեալ յայտարարելու Արցախի՝ իբրեւ տագնապի կողմի կարգավիճակը, իսկ բանակցութիւնները ներկայացնել իբրեւ «խօսակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ» եւ Ատրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ ինկած գործընթաց, յայտարարած է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
«Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի լուծման անհրաժեշտ եւ առանցքային բաղադրիչներէն եւ բանակցային լիարժէք ձեւաչափը եւ այդ շրջանակներուն մէջ ընթացող քննարկումներն ու հանդիպումները:
Այդ պարունակին մէջ կարեւոր կը նկատենք ընդգծել, որ Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են Ատրպէյճանի փորձերը չեղեալ նկատելու Արցախի՝ իբրեւ տագնապի կողմի կարգավիճակը, իսկ բանակցութիւնները ներկայացնել իբրեւ «խօսակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ» եւ Ատրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ ինկած գործընթաց:
Արցախի ժողովուրդը քանի մը անգամ արտայայտած է իր դիրքորոշումը սեփական ապագայի վերաբերեալ, որ վերահաստատուած է 30 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած բազմահազարնոց հանրահաւաքով:
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը բազմիցս ընդգծած է բանակցութիւններուն Արցախի լիիրաւ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի՝ իբրեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման համար լաւագոյն հարթակի պահպանման կարեւորութիւնը: Մեր տուեալ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:
Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը չի հրաժարիր պաշտօնական Պաքուի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տագնապի լուծման առնչուող հարցերու քննարկումէն: Սակայն ան-հրաժեշտ կը նկատենք շեշտել, որ որեւէ քննարկում ընդունելի պիտի ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ ընթանայ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ձեւաչափով եւ կողմերու իրաւահաւասարութեան սկզբունքի պահպանումով», նշուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: