Ընդհանրապէս աշխարհի բոլոր քաղաքները օժտուած կ’ըլլան մեծ ու փոքր պարտէզներով, որոնք անկասկած մեծ գոհունակութիւն կը պատճառեն բնակիչներուն: Ամերիկայի ամբողջ տարածքին կը հանդիպինք նման պարտէզներու կամ պարտիզակներու, որոնց «բարք» անունը կը տրուի:
Հոս է, որ քաղաքացին առանձին կամ իր ընտանիքի անդամներով, շաբթուան ընթացքին կամ շաբաթավերջին, կէսօրէ առաջ կամ մայրամուտին, նոյնիսկ երեկոյեան՝ օրուան կլիմային համաձայն «բարք» կու գայ ու իբրեւ զբօսավայր իր ժամանակը կ’անցնէ իր զաւակներուն, շան եւ կամ իր գնդակին հետ խաղալով, երբեմն միայն ուտելով կամ ալ մարզական զանազան խաղեր խաղալով՝ յատկապէս «պէյսպօլ» կամ «ֆութպօլ»:
Նման տեսարաններու հազուադէպօրէն միայն կրնանք հանդիպիլ Քալիֆորնիոյ հայահոծ քաղաքներէն ներս:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, պատճառը շատ յստակ է: Բոլոր այդ «բարք»երը ունին իրենց մնայուն յաճախորդները կամ այցելուները: Բոլորն ալ անխտիր ջախջախիչ տոկոսով «գրաւուած» կ’ըլլան հայ տարեց այրերով եւ կիներով, որոնք նոյնիսկ առաւօտ կանուխ իրենց աղմուկով կը խճողեն քաղաքամէջի փոքր այդ մարգադաշտերը:
Պարզ  այցելութիւն մը, արդէն բաւարար է այս իրականութեան հետ դէմ հանդիման գտնուելու:  Ու հետաքրքրքական է, որ նոյն այդ մարդիկը, ամէն օր գրեթէ նոյն ժամուն, նոյն տափատով եւ կամ բաճկոնակով, մէկ թեւին տակ բազմոց մը կամ աթոռ մը շալկած, միւսին՝ նարտին կամ «թաւլուն», իսկ գրպանն ալ լման հաց մը, կամ քանի մը պանան ու քանի տուփ սիկարէթ եւ թղթախաղ, կը փութան իրենց սիրելի այս ժամադրավայրը:
Ասոնք, «անկախ» մարդիկ են, իսկ իրենց մտածելակերպով ալ՝ իւրայատուկ: Ամէն առաւօտ կու գան նոյն վայրը, կը նստին իրենց սովորական տեղը՝ քարաշէն սեղանի մը շուրջ: Իրենց հարազատ բարբառով կը բարեւեն ընկերակիցը կամ հայրենակիցը եւ ապա իրենց հետ բերած բազմոցին վրայ նստելով, անհամբեր կը սպասեն մնացեալ խաղընկերներուն: Բարեբախտաբար բոլորն ալ ճշդապահ են:
Ժամը տասը եւ քիչ մը աւելի՝ արդէն «բարք»-ը հայու աղմուկով լեցուած կ’ըլլայ: Կը սկսին խաղերը, ամէնօրեայ «մրցախաղերը», բարձրաձայն ու նոյնքան խանդավառ: Շատեր կը խաղան, ուրիշներ հեռուէն կը դիտեն այս խաղացողները եւ կը կատարեն իրենց ճշդումներն ու դիտողութիւնները: Իսկ շատերն ալ կարգ կը սպասեն ու միջոցին իրարու հետ շաղակրելով ժամանակ կ’անցնեն: «Թաւլու» եւ կամ թղթիկ խաղացած ժամանակ, գրեթէ բոլորն ալ քաղաքականութեամբ կը զբաղին: Իրենց օրուան ժամերը խաղի կողքին այս հարցերով ալ կը հիւսուին: Հոս է, որ իրենք կը լուծեն աշխարհի բոլոր խնդիրները, ազգայինէն մինչեւ միջազգայինը, իրենց մատներուն մէջ խաղցող թուղթին, համրիչին կամ «զարի» հատիկներուն հետ:
Իրենց կարգին, հայ տարեց կիներն ալ մէկ կողմ հաւաքուած, քաշուած, իրենց հետ բերած աթոռներուն եւ կամ արեւոտ ու տաք օրերուն կանաչ խոտին վրայ փռած կարպետին վրայ նստած, ձեւով մը խմբուած, շատ յաճախ իրենց թոռնիկը կամ թոռները բերելով, «կը խաղցնեն», միաժամանակ ձեռագործ աշխատելով եւ կամ շատախօսելով կը զբաղուին:
«Այսինչը …մեռած է. կամ «տիվորս» եղած է, եւ կամ թոռնիկ մը ունեցած է: Աւելին, օր մը առաջ բանտ մտած է եւ կամ ալ կինը ծեծած է»: Տակաւին ասոնց վրայ նաեւ պէտք է աւելցնել օրուան վարունգին կամ լոլիկին անհամ կամ սուղ ըլլալը, հացին չոր կամ թարմ վիճակը եւ նոր շուկայ իջած ծիրանին գիները եւ կամ գետնախնձորին կամ սոխին լաւ արժէքը:
Այս վայրերուն մէջ օտարներ չկան: Չես հանդիպիր: Օտար մարդ չես տեսներ: Հայերը արդէն «գրաւած են» ամբողջ «բարքը»: Մէկ խօսքով բացօթեայ սրահ, կամ ակումբ, եւ կամ հայկական ամէնօրեայ անկանոն եւ աղմկոտ համախմբում:
Բոլոր այցելուներուն համար «բարքը» կարելի չէ ուրիշ «բանով» մը փոխարինել: Հոս ամէն բան կայ: Արդէն ամէն մարդ իր հետ բերած է իր ջուրն ու յատկապէս իր սիկարէթը, կուտն ու պիստակը եւ նոյնիսկ իրենց ձեռքերով իսկ պատրաստուած սանտուիչը: Լուացարան, քարէ, փայտէ կամ տախտակէ նստարան… ուզածդ կայ: Իրենց տունէն աւելի հանգիստ: Նախ հրամայող չունին եւ ոչ ալ իրենց շարժումներուն հետեւող հարսի եւ կամ կնոջ աչքեր: Հեռաձայն նոյնիսկ չեն պտտցներ: Ոչ թէ որովհետեւ անոր գործածութիւնը չեն գիտեր, այլ անոր կարիքը նոյնիսկ չկայ. արդէն իրենց բնակարանէն քանի մը թաղ անդին կը գտնուին:
Այսպէս, խաղի միջոցին կը խօսին, կը խնդան, կը կատակեն նոյնիսկ կը հայհոյեն, զիրար կը քաջալերեն կամ կը մխիթարեն, առանց մոռնալու անցեալը վկայութեան բերելու: Անցեալ մը, որուն մէջ գլխաւոր հերոսը միշտ իրենք եղած են: Այս բոլոր այցելուները, ի վերջոյ գրեթէ իրարու տարեկիցներ են, թերեւս իրարմէ քանի տարիներու տարբերութեամբ: Բայց այս տարեց «հերոսները», ինծի համար ուրախ մարդիկ են, որովհետեւ իրենց այս տարիքին, իրենք զիրենք զբաղեցնելու լաւագոյն ձեւը գտած են արդէն, այս հսկայ հայու «ձուլարան» նկատուած երկրէն ներս:
Մէկ խօսքով, իրենց կեանքի մնացեալ տարիները հաճոյքով լեցնելու գաղտնիքը գտած են:
Հետաքրքրքական է դիտել այս բոլորը: Ու ամէն անգամ, երբ այդ «բարք»երուն մօտէն անցնիմ, յանկարծ բան մը, տրամադրութիւնս կը խանգարէ: Մտքիս մէջ անակնկալ հարցում մը, փոքր կամ պզտիկ մտահոգութիւն մը կը բերէ իր հետ, որ անժամանակ զիս կը նետէ տարբեր մտմտուքի մը մէջ:
Հապա՞ ես: Հապա՞ մենք: Հապա՞ իմ տարեկիցներս: Եթէ նախախնամութիւնը մեզի ալ երկար կեանք պարգեւէ ու հասցնէ այս մարդոց տարիքին, արդեօք մենք ի՞նչ պիտի ընենք: Մեր այդ տարիքին ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ պիտի պարապինք: Օրուան մեր ժամերը ինչպէ՞ս պիտի վատնենք:
Ահա այս եւ նման հարցումներ են, որոնք կը խճողեն միտքս ու յաճախ նայուածքս կը պղտորեն: Հաւանաբար մեզմէ շատեր ներկայիս համակարգիչը դարձուցած են իրենց ամէնօրեայ ընկերն ու զբաղումը: Արդեօ՞ք իբրեւ զբաղում «թաւլու»-ի կամ թղթախաղի տեղ իրենց համակարգիչներով «բարք» պիտի երթան, թէ ոչ, տունը պիտի նստին ու իրենց տարիքին ծանրութեան տակ կքած, թիվիին առջեւ գամուած, մինչեւ վերջ կա՛մ պիտի կարդան եւ կա՛մ ալ պիտի քնանան: Չեմ գիտեր, որովհետեւ բախտագուշակ մը չեմ: Դժուար է նման բան գուշակել: Բայց լաւ բան է գիտնալը:
Եւ տակաւին միտքս իր թռիչքներով զիս կը տանի դէպի մեզմէ քանի մը սերունդներ վերջ եկողներուն մասին: Արդեօ՞ք անոնց «բարքը» ի՞նչ պիտի ըլլայ: Էլէքտրոնիք խաղե՞րը, «այ բատերը» կամ «այ ֆօնները»  պիտի փոխարինեն «թաւլուն» կամ նարտին…: Չեմ գիտեր ըսի: Խելքս, ասկէ աւելի չի կրնար այս հարցը «լուծել»:
Հապա դո՞ւն, յարգելի՛ ընթերցող, դո՛ւն ի՞նչ կը մտածես: Ո՞ւր կը մտածես անցընել յոգնած տարիքիդ օրերը: Արդեօ՞ք մտածած ես այս մասին: Բայց…աւելի լաւ է, որ չմտածես, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ քունդ ալ «փախցնես»:
Գէորգ Պետիկեան