Ցեղասպանութեան յաջորդող առաջին տասնամեակներուն, գաղթականութեան  ողբերգութեան մէջ իսկ  տարտամ «յոյս» մը կար հայրենիք վերադարձի, մինչ կը հանգրուանէ այլեւս հետզհետէ ձեւաւորուած ներկայ Սփիւռքը, որուն վրայ մեծ թիւերով կ’աւելնան հայրենաթող հայեր:
Թէ՛ առաջին տարիներուն, թէ՛ Սփիւռքի  կազմաւորման  նախնական հոլովոյթին՝ կացութիւնը լաւ-գէշ  կը հակակշռուէր: Մինչ հիմա արդէն տարածո՜ւն, աշխարհով մէկ ցրուած դժուար հակակշռելի Սփիւռքն է, որուն նորահաս սերունդը հետզհետէ կ’օտարանայ ազգէն ու  ազգային իղձերէն:  Առաջին ու մեծ զոհը  լեզուն է, հայերէնը:
Հաստատում (խտացուած)
Սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու, բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ  իրականութիւն մըն է: Իր անչափելի կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի հսկայ աղբիւր՝ կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժականութիւնը՝ գործնապէս նպաստելու ինքզինքին, Հայաստանին, ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրականացման պայքարին…:
Սակայն մտքերու մէջ անհրաժեշտ է նախ ամրագրել, որ
ա) Հայատանն ու հայրենիքի գաղափարներն են Սփիւռքի տեւելիութեան երաշխիքը,
բ) Սփիւռքի ցրուածութիւնը գէթ գիտակցական մակարդակի վրայ համախմբելու խնդիրը մտային փնտռտուքի մե՜ծ, մնայո՜ւն ու մասնագիտական ճիգ կը պահանջէ…:
Ներկայ պատկեր 
Օտար դիւանագէտ ու քաղաքական գործիչ Շեւարնածէ ժամանակ մը առաջ  յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճան քարիւղ ունի, Հայաստան՝ Սփիւռք, իսկ մենք (Վրաստան) զրկուած ենք այդ մեծ բարիքներէն…: Իսկ Հրանոյշ Յակոբեան դիպուկ յաւելում մը կատարած էր. «քարիւղը կը սպառի, իսկ մարդուժը կ’աւելնայ…»:
Սփիւռքը, իբրեւ մեծ չարիքէ յառաջացած իրականութիւն, կարելի է օտար դիւանագէտի բանաձեւած «մեծ բարիք»-ի վերածել:
Սա ճշմարտութիւն է, անվիճելի՛…:
Օտար դիւանագէտին բանաձեւած ճշմարտութեան գիտակցութիւնը ազգովին չունէի՞նք, չունի՞նք:
Ունէինք նախապէս, ունինք նաեւ հիմա: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի վերանկախացման օրերէն, հայ ժողովուրդի ամբողջ ներուժը համախմբելու եւ կենսաւորելու առաջադրանքով եւ իբրեւ իրագործելի քաղաքական մեծ նպատակ հրապարակ նետուեցաւ հմայիչ կարգախօսը՝ «ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻ՜ՒՆ», որուն իրականացումը մեզի պիտի ապահովէր բարգաւաճում, Սփիւռքի եւ հայրենի հայութեան կարողականութեան լիարժէք կենսագործում, հայրենիքի մէջ ժողովրդավար պետականութեան  ամրապնդում եւ վերջապէս՝ ազգային իղձերու իրականացման ճամբան պիտի հարթէր եւ այլն, եւ այլն:
Այսօր, երեսուն տարի վերջ ի՞նչ կը վկայենք: Ոչ միայն չէ իրականացած  եռամիասնութիւնը, ոչ միայն աւելիով խախտած է իրարու հանդէպ վստահութիւնը, ոչ միայն անյուսօրէն տկարացած ենք ազգովին,  այլ նաեւ  ինկած ենք պառակտումի տիղմին մէջ, որմէ ելքը տեսանելի չէ տակաւին: Բռնած ենք ուղի մը, որ մեզ առաւել եւս կը հեռացնէ  եռամիասնութեան նպատակէն: Ահաւոր ու աններելի յանցանքներով զիրար կ’ամբաստանեն  Հայաստանի քաղաքական ղեկավար այրերը: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը «դաւաճանութեամբ» կ’ամբաստանէ իշխանութիւնը, որ իր կարգին «հինգերորդ շարասիւն» եւ պետական հիմքերուն դաւադրող շարժում կը համարէ  ընդդիմութիւնը, իսկ արտախորհրդարանի բաժան-բաժան խմբաւորումներն ալ դէմ են թէ՛ ընդդիմութեան, թէ՛ իշխանութեան…:
Երեսուն տարի վերջ, ահա մեր «եռամիասնութեան» խայտաբղէտ պատկերը…:
Մռայլ ու յուսալքիչ  պատկեր, զոր կը պարզէ մեր հայրենիքը եւ որ կը շարունակուի ժամանակէ մը  ի վեր՝ յատկապէս մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստի պատճառ դարձած 44-օրեայ անիծեալ պարտութենէն ետք: Բոլորս դարձած ենք պառակտումի կողմ: Ցարդ չգտնուեցաւ ոչ մէկ հեղինակութիւն, որ կողմերէն  վեր՝ «կո՛ղմ» ըլլար եռամիասնութեան, եւ գէթ փորձ մը կատարէր կողմերը կամրջելու, որպէսզի համահայկական ներուժով դիմագրաւուի պարտութեան արհաւիրքը ու անոր հետեւելիք տեսանելի վտանգները:
Եւ այս մռայլ խորապատկերին վրայ, շուար ու կամակոր (կամքը կորսնցուցած) եւ գրեթէ զինաթափ Սփիւռքը:
Անշուշտ պիտի խոստովանինք, որ Սփիւռքի կամակորութիւնը նոր չէ: Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր Սփիւռքը կորսնցուցած է իր քաղաքական ջիղը, որ կենսագործ ու մղիչ ուժն է բոլոր տեսակի աշխուժութիւններուն: Պարտութենէն եւ տխրահռչակ Նոյեմբեր 9-էն ետք՝ աւելի՛ կամազուրկ եւ գրեթէ ուժաքամ  եղած է Սփիւռքը: Ըստ մտաւորական  ընկերոջ մը, մեր որդեգրած Հայաստանակեդրոնութիւնն էր պատճառը, որ  Սփիւռքը  ինքզինք լքէ…:
Չեմ գիտեր, թէ որքան  իրաւացի է ընկերս, բայց կ’ենթադրեմ, թէ Հայաստանի վերանկախացման սկիզբէն, բացայայտ թէ քօղարկուած ձեւերով Սփիւռքի ղեկավարման տէրը դառնալու խնդիրը  սակարկութիւններու ենթակայ դարձաւ Հայաստանի ղեկավար  տարրին կողմէ՝ ներքին քաղաքական խմորումներու եւ հաշիւներու մէջ:  Սփիւռքեան կառոյցներու ենթակայութիւնը ապահովելու համար որդեգրուած ոճն էր հայրենի կառավարութեան,  կառավարման   նկատմամբ այդ կառոյցները մշտատեւ ուղղորդելու եւ զանոնք հսկողութեան տակ պահելու գործադրուած մեթոտն էր պատճառը, որ ամլանալու աստիճան ցամքի Սփիւռքի քաղաքական ջիղը:
Կը կարծեմ, թէ «հայաստանակեդրոն»-ութիւնը չէր սխալը այնքան, որքան  Սփիւռքի կառավարելիութիւնը սակարկելու մեթոտաբանութիւնը…:
Ուրե՞մն
Յաճախ կ’առարկուի, որ Սփիւռքը չունի ներկայացուցչական  մարմին մը, որ ըստ պարագայի որոշումներ գոյացնէ ու հանդէս գայ յանուն Սփիւռքի: Անհրաժեշտ կը համարուի նման մարմինի մը յառաջացումը, առանց յստակացնելու, նոյնիսկ թեթեւակի պատկերացումով, թէ ի՛նչ բովանդակութեամբ որոշումներ գոյացնելու իրաւունք պիտի վերապահէր ինքզինքին եւ կամ՝ խօսքը ո՛ր ատեաններու մասին է, որոնց դիմաց հանդէս պիտի գայ  ան եւ  յանուն ի՞նչ նպատակի եւ իրաւական ո՞ր հանգամանքով…:
Նորութիւն չէ, եթէ ըսուի, թէ Սփիւռքը ամբողջութիւն մըն է, բայց միա՛յն, կրկնենք, միա՛յն ու միա՛յն գիտակցական մակարդակի վրայ, իսկ խորքին մէջ տարբեր երկիրներու մէջ տեղաբաշխուած եւ տարբեր ու ինքնավար միաւորներու իրականութիւն մըն է ան, տուեալ երկիրներու օրէնքին ենթակայ, տարբեր կարելիութիւններով ու դժուարութիւններով: Ամէն միաւոր  ինք պիտի դիմագրաւէ իր դժուարութիւնները եւ ինք պիտի արժեւորէ իր կարելիութիւնները:
Նոյնիսկ եթէ պահ մը երեւակայենք, թէ Ռուսիայէն Ամերիկա եւ այլուր տեղաբաշխուած Սփիւռքի հայագաղութները միաձոյլ ամբողջութիւն են եւ գործնապէս ալ յաջողինք Սփիւռքի ներկայացուցչական մարմին առաջացնել, անտեսենք նաեւ անոր իրաւական հանգամանքի պարագան, ի՞նչ կ’ունենանք. պարզապէս կառավարման կամ որոշումներ կայացնող նոր կեդրոն-կոտորակ մը՝ արդէն իսկ կոտորակուած հայ ազգի տխուր  ճակատագրին վրայ: Կարծէք չի բաւեր Արեւելեան-Արեւմտեան Հայաստան, Հայրենիք-Սփիւռք, եւ Սփիւռքը իր կարգին բազմաշերտ, երկու պետութիւն, երկու կաթողիկոսութիւն, արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն, երկու ուղղագրութիւն  եւ այլ կոտորակուածութիւնը:
Նման մարմինի մը ստեղծման գաղափարը հականիշն է ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ  կարգախօսի նպատակին:
Ի՞ՆՉ  ԸՆԵԼ
Նախ զօրաշարժի ենթարկենք  գիտակից  միտքը:  Անդրադառնանք, որ որքան ալ անզսպելի ու  արդար՝ ատելութիւնն ու կիրքը օգտակար խորհրդատուներ չեն եղած երբեք ու չեն: Որքան խորը ատենք, այնքան աւելի կը կրքոտինք, կը բորբոքինք ու կ’իյնանք անյուսութեան գիրկը: Արհաւիրքը, որուն մէջ ազգովին ինկած ենք, հրամայական կը դարձնէ կացութեան իսկական ծանրութիւնը ազգովի՛ն կշռել, զոր կարելի է թերեւս  գէթ մեղմացնել միա՛յն ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ: Հայկական իրականութեան մէջ գործող ոչ մէկ ուժ ի վիճակի է առանձինն կամ մասնակի դաշինքներով  իր ուսերուն վերցնել արհաւիրքին ծանրութիւնը…:
Ուրեմն, պիտի կառչինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յաջողած փորձին, որով կարելի եղաւ զօրաշարժել ողջ հայութիւնը:
Յառաջացնել համահայկական մարմին կամ խորհուրդ մը,(համախոհութեամբ , ո՛չ նշանակովի եւ տեսադաշտ ունենալով Սփիւռքի ողջ տարածքը), որուն պայմանական կերպով եւ ի պաշտօնէ մաս պիտի կազմեն ՀՀ-ի նախագահը, հայ եկեղեցին ներկայացնող  երկու կաթողիկոսները՝ միւս անդամներու հաւասար իրաւունքով : Այս մարմինը  կամ խորհուրդը քաղաքական հանգամանքէ ու փառասիրութիւններէ զերծ՝ պիտի դառնայ երաշխիքը եւ խորհրդանիշը եռամիասնութեան: Նպատա՞կը. կենսագործել գիտական, արհեստագիտական, դիւանագիտական թէ նիւթական ողջ ներուժը հայութեան՝ կարենալ զսպիչ ուժի վերածելու համար Հայաստանը՝ տարածաշրջանին  մէջ: Աշխարհագրական ու հարեւանութեան այն միջավայրը, որուն մէջ կը գտնուի մեր հայրենիքը, պարտադրական կը դարձնէ, որ իր վերապրումին համար իսկ Հայաստան վերածուի զսպիչ ուժի: Սա իբրեւ գլխաւոր նպատակ:
Միամիտ չենք կարծելու, որ նման գաղափար մը կը ժողովրդականանայ կամ կ’իրականանայ պարզ յօդուածագրութեամբ, յորդորներով կամ բարոյախօսութեամբ: Կը պատկերացնենք նաեւ գործնական դժուարութիւնները, թէ ի՞նչ մեքենականութեամբ պիտի յառաջանայ այդ մարմինը, ի՞նչ հետագծով ու բարեմասնութեամբ մարդիկ անոր անդամակցելու թեկնածու պիտի նկատուին եւ այլն, եւ այլն: Կարեւոր մանրամասնութիւններ են, որոնք սակայն կարելի է յստակացնել, անշուշտ եթէ ուժերը հաւաքագրելու, համախմբելու-համախմբուելու քաղաքական կամք ու համոզում գոյանան…:
Յետ գրութիւն
Սփիւռքին սպառնացող մեծագոյն վտանգը նորահաս սերունդներու ազգային ինքնութեան կորուստն է : Առաջին ու գլխաւոր զոհը լեզուն է, որ բանալին է ազգային մշակոյթին, կռուանը՝ լեզուամտածողութեան  եւ ինքնութեան կազմաւորման…: Այս տեսակէտով,  ընկերային ցանցերը օրհնութիւն են «համաշխարհայնացած» մեր ազգին համար այն պարագային, որ հայագաղութները կազմակերպուին, օգտուին անոր ընձեռած բարիքներէն ու կազմակերպուած աշխատանք ծաւալեն:
Մեր գերխնդիրը սերունդին  հայակերտումի աշխատանքն է, զայն ազգային ինքնութեամբ կազմաւորելու հսկայ գործը եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր գրեթէ  զրկուած ենք հայերէն լեզուի նեցուկէն, ազգային մշակոյթի կենարար սնունդէն , հայրենի հողի աւիշէն ու համախումբ կեանքի բարիքէն: Կը նշանակէ, թէ կեանքի չափ կարեւոր մեր դպրոցները ըստ հնարաւորի բազմացնելու եւ որակաւորելու ջանքերու կողքին, եւ ճակատագրի «պարտադրանք»-ով՝   «հայերէն լեզու»-ի այնքան հիմնական կռուանը այլ ազդակով փոխարինելու լրջագոյն խնդիր ունինք Սփիւռքի մէջ՝ յատկապէս (եւ ոչ միայն) նախկին Խորհրդային Միութեան, ամերիկեան եւ եւրոպական երկիրներու պարագային…:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Միհրան Քիւրտօղլեան
Աթէնք, 18 Դեկտ.  2022