«Ո՞ւր է Հրեաներու նորածին  թագաւորը» (Մատթէոս 2. 2):

Յունուար 6: Թուական մը, որ ամէն տարի իր հետ կը բերէ աւետում, բերկրութիւն, ապահովութիւն, հանգստութիւն ու սէր: Ինքնին սիրոյ պատմութիւն մըն է անիկա. սէ՛ր մը, որ աստուածային է: Սէ՛ր մը, որ անօրինակ է: Սէ՛ր մը, որ քայքայում ու պառակտում չի՛ ճանչնար:

Յունուար 6-ին երկիրը երկի՛նք կը դառնայ, մարդը իր Աստուծո՛յն կը հանդիպի եւ մարդկային ցեղը րենական առատահոս օրհնութեա՛մբ կ’օծուի:

Խորին խորհո՛ւրդ մըն է Յունուար 6-ը: Այդ օրուան ընթացքին մարդս կարծէք կը վերանայ աշխարհէն, հոգեւին կը ճանապարհորդէ դէպի Բեթլեհէմ՝ ականատես եւ ուրախակից դառնալու մարմնացեալ Բանին ծննդեան: Որքան ալ մարդիկ հերքեն հրաշքի իրականութիւնը, անոնք չեն կրնար մերժել Յունուար 6-ին քրիստոնեային ապրած հրաշքը:

Քրիստոսի Ծնունդին հրաշքը իրապէ՛ս ապրելու համար, պէտք է խորհրդածութեան առարկայ դարձնել աստուածաշնչական այս ոսկեայ համարը.  «Ո՞ւր է Հրեաներու նորածին  թագաւորը» (Մատթէոս 2. 2):

«Ո՞ւր է հրեաներուն նորածին թագաւորը»: Այս հարցումը տրուեցաւ թէ՛ մոգերուն եւ թէ՛ Հերովդէսի կողմէ, տարբեր նպատակներով: Մոգերը հարցուցին նպատակ ունենալով նորածին Փրկչին նուէրներ ընծայաբերել եւ երկրպագել, մինչ Հերովդէս հարցուց նպատակ ունենալով նորածին մանուկը սպաննելով իր գահը ապահով պահել: Այսօր եւս շատեր կ’ուզեն Քրիստոսի «տեղը» գտնել, որպէսզի իրենց սիրտերուն գանձերը եւ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ իրենց սիրտերը յանձնեն Քրիստոսի: Անոնց հակառակ, կան մարդիկ, որոնք Հերովդէսի նման կեղծ երկպագութիւն կը խոստովանին, սակայն իրենց սիրտերուն մէջ տեղ չկայ Քրիստոսին համար:

Քրիստոսնեայ մարդը կոչուած է մոգերուն դերակատարութեան մէջ ըլլալու: Մոգերը Քրիստոսի ծնունդին առիթով անոր նուիրեցին երեք ընծաներ. Ա) Ոսկի, Բ) Կնդրուկ եւ Գ) Զմուռս: Քրիստոնեան ալ պէտք է Քրիստոսի «տարեդարձ»-ին առիթով անոր նուիրէ երեք կարեւոր պարգեւներ. Ա) իր սիրտը, Բ) իր միտքը եւ Գ) իր հոգին: Եթէ Քրիստոս բնակի մարդուն այս երեք «վայրեր»-ուն մէջ, մարդը կը պայծակերպուի, կ’այլակերպի, կը փոխակերպուի եւ Աստուածորդւոյն հետ անլուծանելի եւ անբեկանելի կապուածութիւն կ’ունենայ:

«Ո՞ւր է հրեաներուն նորածին թագաւորը»: Եթէ մենք այս հարցումը կու տանք նպատակ ունենալով միայն Քրիստոսին բնակած «վայրը» գտնել եւ ոչ թէ զայն երկրպագել, ուրեմն զուր է մեր փնտռտուքը: Քրիստոսին գտնելու համար, պէտք է խոնարհիլ անոր առջեւ: Խոնարհիլ ո՛չ թէ նուաստանալու համար, այլ Քրիստոսը մեր սիրտերուն մէջ ունենալու համար: Որովհետեւ Քրիստոս ի՛նք ըսաւ. «Ես ո՞ւր պիտի բնակիմ, եթէ ոչ խոնարհ ու հեզ սիրտերու մէջ»: Քրիստոսի ծնունդէն առաջ, երբ հրեայ ռաբբիները (վարդապետները) որեւէ զոյգի մը պսակի արարողութեան նախագահէին, անոնք կը մաղթէին, որ սպասուած Մեսիան ծնի այդ ընտանիքին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, հրեայ կիները միշտ կ’աղօթէին Աստուծոյ, որ ակնկալուած Մեսիան իրենց արգանդին պտուղը ըլլար: Սակայն Աստուած հաճեցաւ ծնիլ Ս. Կոյս Մարիամէն, որովհետեւ ան աշխարհի վրայ գտնուող բոլոր կիներէն ամէնէն խոնարհն ու մաքրակենցաղն էր: Այսօր մենք ալ հրեայ կիներուն նման կ’ուզենք, որ Քրիստոս մեր սիրտերուն մէջ ծնի: Սակայն Քրիստոսին մեր սիրտերուն մէջ ծնունդ տալու համար, կարեւոր պայման մը գոյութիւն ունի: Այդ պայմանը մաքրութեամբ լի սիրտն է: Աստուծոյ պատարագը խոնարհութեամբ առլցուն սիրտն է: Սաղմոսերգուն կը յայտնէ, որ Աստուած չ’արհամարհեր մաքուր սիրտն ու խոնարհ հոգին (Սաղմոս 51. 17):

«Ո՞ւր է հրեաներուն նորածին թագաւորը»: Այս հարցումը մեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր պէտք է ինքզինքին հարցնէ: «Ո՞ւր է Քրիստոս այսօր»: Արդեօ՞ք Բեթլեհէմի մէջ է, ուր 2023 տարիներ առաջ ծնաւ, միթէ աշխարհի բազմահազար եկեղեցիներուն մէ՞ջ է, թէ՞ իմ սիրտիս մէջն է: Պատասխանը պէտք է ըլլայ. «Իմ սիրտիս մէջն է»: Այսօր Քրիստոս չի՛ փնտռեր նիւթական վայրեր, որպէսզի անոնց մէջ ծնի, որովհետեւ ինչպէս որ իր ծնունդին ժամանակ աշխարհի մէջ տեղ չկար իրեն համար, այսօր եւս ան տեղ չունի աշխարհին մէջ: Այսօր Քրիստոս չի՛ փնտռեր նիւթական վայրեր, որպէսզի անոնց մէջ ծնի, որովհետեւ ինչպէս ի՛նք ըսաւ. «Մարդու Որդին Գլուխը հանգչեցնելիք տեղ մը չունի» (Մատթէոս 8. 20): Մարդու Որդին իր գլուխը կրնայ հանգչեցնել միայն մե՛ր սիրտերուն մէջ, ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ: Ուստի, բանա՛նք մեր սիրտերը, որպէսզի Քրիստոս այդտեղ ծնի ու յաւերժ բնակի:

Երբ մէկու մը տարեդարձը ըլլայ, մենք կը շուարինք թէ ի՛նչ նուէր պիտի տանինք այդ անձին, որպէսզի «ամօթով չմնանք» անոր առջեւ: Քրիստոսի ծնունդը միա՛կ ծնունդն է, որ ո՛չ մէկ նուէր կը պահանջէ մեզմէ: Միա՛կ ծնունդն է, որ ո՛չ մէկ անձէ զոհաբերում կ’ենթադրէ: Քրիստոս միայն մէ՛կ խնդրանք ունի մեզմէ իր «տարեդարձ»-ին առիթով, որն է մուտք գործել մեր կեանքին մէջ եւ բնակիլ մեր  սիրտերուն մէջ:

Այսօր դժբախատաբար Քրիստոսի «տարեդրաձ»-ը կը նմանի դիմատետրի (Facebook) տարեդարձներուն: Ինչպէս որ դիմատետրը մեզի նօթի (notification) ճամբով կը յիշեցնէ, որ այսօր այսինչ կամ այնինչ անձին տարեդարձն է, այնպէս ալ օրացոյցը, դիմատետրին դերը խաղալով, մեզի կը յիշեցնէ, որ Յունուար 6-ը Քրիստոսի ծնունդին կամ «տարեդարձ»-ին օրն է: Ինչպէս որ մենք տարեդարձ ունեցող անձին դիմատետրի միջոցաւ կը շնորհաւորենք, որպէսզի ան չնեղանայ մեզմէ, այնպէս ալ մենք եկեղեցի կ’երթանք, որպէսզի «չնեղացնենք» Քրիստոսին: Ինչպէս որ մենք անձի մը առաւե՛լ արժէք կու տանք միայն իր  տարեդարձին օրը, այնպէս ալ մենք Քրիստոսին կը յիշենք միայն Յունուար 6-ին: Ինչպէս որ տարեդարձ ունեցող անձին կը կոչենք «օրուան թագաւորը» (today’s king) կամ «տարեդարձին տղան» (birthday boy), այնպէս ալ մենք միայն Յունուար 6-ին Քրիստոսը իբրեւ մեր կեանքին թագաւորը կը դաւանինք: Դժբախտաբար այսօր այս է մեր իրականութիւնը: Եթէ մինչեւ օրս այսպէս կը մտածէինք, այսօր յարմարագոյն եւ կարեւորագոյն առիթն է այդ մտածելակերպը փոխելու: Քրիստոնեան ամէն Աստուծոյ օրը պէտք է նկատէ Քրիստոսին ծննդեան տարեդարձը, այսինքն՝ Քրիստոսը իր սիրտին մէջ բնակեցնելու օրը:

Ղուկաս աւետարանիչ խօսելով Քրիստոսի ծնունդին մասին կ’ըսէ. «]Մանուկը[Փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար» (Ղուկաս 2. 7): Ցաւալի նախադասութիւն մը, որ կը ճմլէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի սիրտը: Քրիստոսի համար տեղ չկար այս աշխարհին մէջ, այդ իսկ պատճառով, ան դրուեցաւ մսուրի մը մէջ: Իրականութեան մէջ, ինչպէս կը կարծենք, մսուրը ախոռը չէ, այլ անասուններուն ճաշի կամ ջուրի ամանն է: Աշխարհը այդքա՛ն անտեսած էր Քրիստոսին, որ զայն դրաւ անասուններուն ճաշամանին մէջ:

Քրիստոս այսօր ալ տեղ չունի շատերու սիրտերուն մէջ, որովհետեւ Քրիստոս չի՛ ծնիր անձնասէրներու, ստախօսներու, կեղծաւորներու, նենգերու եւ անհաւատներու սիրտերուն մէջ:  Սակայն եւ այնպէս, ան կը ծնի մաքուր սիրտ ունեցող, աշխատասէր, առաքինի, բարեգործ, յարգալիր եւ Աստուածապաշտ մարդոց սիրտերուն մէջ: Եւ Քրիստոս ո՛չ միայն կը ծնի այդպիսիներուն սիրտներուն մէջ, այլ կը փոխակերպէ, կ’այլակերպէ եւ կը պայծառակերպէ անոնց կեանքը:

«Պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար»: Ո՞ւր է այսօրուան պանդոկը, ուր Քրիստոս կ’ուզէ իջեւանիլ: Այսօրուան պանդոկը մեր սիրտն է: Սակայն այսօր մեր «պանդոկ»-ները շա՜տ խճողուած են: Խճողուած են մտահոգութիւններով, մտավախութիւններով, նեղութիւններով, վիշտերով, ըսի-ըսաւներով, անհանգստութեամբ, ատելութեամբ… դեռ շարքը կ’երկարի: Քրիստոս այսօր Յայտնութեան գիրքին համաձայն, մեր սիրտերուն դուռները կը թակէ, յուսալով որ ներս պիտի մտնէ (Յայտնութիւն 3. 20): Մենք իբրեւ պանդոկատէրեր ի՞նչ պիտի ըսենք Քրիստոսին: Արդեօ՞ք 2023 տարի առաջ իրեն տրուած պատասխանը պիտի կրկնենք, թէ՞  ներս հրաւիրելով անոր պիտի յանձնենք մեր սիրտերուն ամէնէն նուիրական եւ հանգստաւէտ սենեակները: Եթէ կ’ուզենք Աստուածորդւոյն ներս հրաւիրել, ուրեմն պէտք է դուրս նետենք մեր «պանդոկ»-ներուն մէջ անիմաստօրէն տեղ գրաւած «նիւթերը»:

Քրիստոսի ծննդեան օրը մարդիկ զբաղ էին, ինչպէս որ այսօր մենք ալ զբաղ ենք: Զբաղ ենք գործերով, առեւտուրով, նիւթականին «ետեւէն վազելով», մեր հանապազօրեայ հացը ճարելով, այդ իսկ պատճառով, երբեմն մեր կեանքին մէջ Քրիստոսին տեղ եւ ժամանակ տալու կը թերանանք:

Մենք մեր կեանքին մէջ ամէն ինչի իրաւունքը կու տանք. մեր ընտանիքին իրաւունքները կու տանք, կառավարութեան իրաւունքը կու տանք, մեր գործատէրերուն իրաւունքը կու տանք, բայց երբ ժամանակը կը հասնի Քրիստոսին իրաւունքը տալու, մենք հոն կը զլանանք: Քրիստոս դէմ չէ այդ բոլորին, բայց կ’ուզէ, որ ի՛նքն ալ տեղ ունենայ մեր սիրտին, հոգիին եւ կեանքին մէջ: Ուրեմն, Բանա՛նք մեր սիրտերուն դուռները եւ ներս հրաւիրենք Քրիստոսին: Ան 2023 տարիներ առաջ տեղ չունեցաւ, ուստի զայն այսօր ալ տնանկ չձգենք:

Մարդ արարածներս շատ լաւ գիտենք մեր մարմիններուն հոգ տանիլ: Օրինակի համար, պսակաձեւ ժահրի տարածման ժամանակաշրջանին, բոլորս ալ մեր հետ իբրեւ անբաժանելի բարեկամներ ունէինք հականեխիչներն (alchol) ու բժշկական դիմակները (medical mask): Ճիշդ է, որ մենք մեր մարմինները գիտենք ապահով եւ առողջ պահել, սակայն պարագան նոյնը չէ մեր հոգիներուն: Մենք յաճախ կ’ատեսենք մեր հոգիները: Սիրելի ընթերցողներ, մեր մարմինները ժամանակաւոր են, որովհետեւ ինչպէս Աստուած կ’ըսէ. «Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծնունդներ 3. 19), սակայն մեր հոգիները յաւիտենական են: Ուրեմն մեր հոգիները առաւե՛լ խնմաքի կարիքը ունին, քան մեր մարմինները: Ինչպէ՞ս կրնանք պահել մեր հոգիները: Մեր հոգիները կրնանք պահել միայն ու միայն Քրիստոսի ներկայութեամբ. այսինքն՝ եթէ Քրիստոս մեր մէջ բնակի, մեր հոգին կ’առողջանայ եւ բառին ամբողջական իմաստով Կ’ԱՊՐԻ: Քրիստոսի Ս. Ծնունդը յարմարագոյն առիթն է Քրիստոսը մեր մէջ բնակեցնելու:

Տօնական օրերու ծառերը, լոյսերը, նուէրները եւ զարդարանքները վաղը պիտի վերցուին: Այս օրերու խանդաղատանքները, ձեւակերպութիւններ, ուրախութեան սեղանները եւ նուէրներն ալ պիտի անհետանան: Սակայն մէկ բան պէտք չէ վերցուի եւ անհետանայ անոնց հետ, որն է Քրիստոսի ծնունդը մեր սիրտներուն մէջ: Քրիստոս միայն Յունուար 6-ին պէտք չէ ծնի մեր սիրտներուն մէջ, այլ՝ ամէն օր: Ուրախանելու, տօնելու եւ սիրոյ սեղաններ սարքելու առիթներ պիտի ըլլան տակաւին, սակայն մենք ամէն օր առիթը չենք ունենար Քրիստոսին ծնունդը վայելելու մեր սիրտներուն մէջ: Արձակուրդի այս օրերուն դիւրին է Քրիստոսի ներկայութիւնը վայելելը, սակայն վաղը երբ մեր գործերուն եւ խճողուած առօրեային վերադառնանք, դժուար պիտի ըլլայ Քրիստոսը ապրիլ: Ուրեմն, մեր մէջ վառած ձգենք Քրիստոսի ծննդեան աստղը, որպէսզի երբ մարդիկ հարցնեն, թէ ո՞ւր է նոր թագաւորը, մեր սիրտերը ցոյց տալով ըսենք. «Հո՛ս է, սիրտիս մէջն է»:

Առաքել Աբղ. Գատեհճեան

Կիրակի, 1 Յունուար 2023

Անթիլիաս, Լիբանան