Ատրպէյճանի կողմէն Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհին՝ Լաչինի միջանցքին փակումը կը շարունակէ մտահոգել Միացեալ Նահանգները։
Այս մասին ըսաւ ԱՄՆ պետական բաժինի խօսնակ Նեթ Պրայս՝ «Արմէնփրէս»-ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք Արցախի մէջ հանգեցուցած են ծանր մարդկային հետեւանքներու։

«Մենք կը շարունակենք մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի հասանելիութեան խաթարման եւ ստեղծուած իրավիճակի մարդկային հետեւանքներուն համար։ Սա կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը եւ կը խաթարէ միջազգային վստահութիւնը», ըսաւ պետական բաժինի խօսնակը։

Անդրադառնալով իրադրութեան հանգուցալուծման տարբերակներուն՝ Պրայս ըսաւ. «Մենք կոչ կ’ուղղենք լիարժեքօրէն վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքէն։ Որեւէ հարցի յառաջընթացի միակ ճամբան բանակցութիւններն են»։

Յիշեցնենք, որ 12 Դեկտեմբերին, տողւոյն ժամը 10:30-ին, խումբ մը ատրպէյճանցիներ փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին։ Ատրպէյճանցի բնապահպանները «բողոքած են ռուս խաղաղապահներու ժամանակաւոր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ հանքավայրերու ապօրինի շահագործման դէմ»։
Արդէն 25-րդ օրն է՝ Ատրպէյճանը կը շարունակէ արգելափակուած պահել Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճանապարհը։