Տարածաշրջանային խաղաղութեան մասին խօսակցութիւններու շըրջագիծին մէջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա քարոզչութիւն կը ծաւալեն Հայաստանի հանդէպ տարածքային նկրտումներու առումով: Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ներկայ դեսպան Ճահիտ Պաղչին միացած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» նախաձեռնութեան:
Յիշեցնենք, որ այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ներկայ ամբողջ տարածքին հանդէպ յաւակնութիւններ կը ներկայացնէ:
«Ամբողջ պատմութեան ընթացքին Ատրպէյճան եւ Թուրքիա միասին պայքարած են արտաքին թշնամիներու դէմ», ըսած է դեսպանը «արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքին հետ» տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:
Դեսպանը նշած է, որ «Թուրքիա միշտ օգնած է Ատրպէյճանին դժուար ժամանակներու մէջ, Ատըրպէյճան եւս օգնութիւն ցուցաբերած է Թուրքիոյ: Հայրենական 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Թուրքիա իր եղբօր քաղաքական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերած է: Այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման համար կը կարծենք, որ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Հայաստան պէտք է միմեանց հետ քննարկեն առկայ հարցերը: Միայն այսպէս կարելի է հասնիլ խաղաղութեան»:
 Ճահիտ Պաղչին յայտնած է նաեւ, որ «Թուրքիա պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու արեւմտեան Ատրպէյճանէն բռնահանուած ատրպէյճանցիներու առնչուող փաստերու  հետաքննութեան հարցով»: