ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԳԻՐՈՒԹԵԱՆ ԲՈՒԺՄԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ
1.- Ստամոքսի թեւի արտահատում (Sleeve Gastrectomy)
Այս պարագային ստամոքսը կը հատեն եւ ստամոքսին մօտաւորապէս 80%-ը կը հեռացնեն. մնացած մասը կը պահեն խողովակի ձեւով, որ նման կ’ըլլայ պանանի՝ չափով եւ երեւոյթով։
2.- Ստամոքսի զօդում (Gastric banding)
Այս պարագային ստամոքսին սկիզբը (դուռը) կը դրուի օղակ մը։ Այս օղակը կը պզտիկցնէ ստամոքսին չափը եւ այսպիսով կը նուազի ստամոքս մտած ուտելիքին քանակը։
3.- Ստամոքսի շրջանցում (Gastric bypass)
Այս պարագային ստամոքսը ամբողջապէս կը հեռացուի կամ կը պահուի իրմէ փոքր մաս մը, իսկ մարսողական համակարգը կը շեղի եւ որկորէն դէպի աղիքներ կ’ուղղուի։
3-րդ ձեւը (ստամոքսի շրջանցում) կը նուազեցնէ նաեւ սննդանիւթերու ներծծումը, մինչդեռ ստամոքսէն մաս մը հատելը կը նուազեցնէ անօթութեան հորմոններու արտադրումը։ Վերջինը կը կոչուի (Ghrelin Hormone), այս պատճառով կը նուազի անձի մօտ անօթութեան զգացումը։
Ի՞նչ է ճարպակալման բուժման վիրահատութեան մեքանիզմը
Այս գործողութիւններու հիմնական նպատակը օրուան մէջ ուտելիքի քանակը նուազեցնելն է, որուն հետեւանքով կը նուազի նաեւ օրուան ընթացքին ստացուած ջերմուժը (calorie)։
Ե՞րբ պէտք է դիմել այս վիրահատութեան
Ընդհանրապէս այս տեսակի վիրահատութիւններու կը դիմեն այն ատեն, երբ անձը կը տառապի գիրութենէ եւ չի կարենար ձերբազատիլ աւելորդ կշիռքէն սննդականոնի եւ մարզանքի միջոցաւ։
Բայց ամէն մարդ չի կրնար դիմել այս վիրահատութեան, որովհետեւ անիկա ունի որոշ պայմաններ։ Այսպէս օրինակ՝
1.- Երբ BMI-ը (Body Mass Index) ըլլայ 40-էն բարձր (օրինակ՝ 170 սմ. անձին կշիռքը 115 քիլոկրամէն բարձր ըլլալու պարագային)։
2.- Երբ BMI-ը ըլլայ 35-էն բարձր (օրինակ՝ 170 սմ. եւ կշիռքը 100-էն վեր), բայց անձը տառապի գիրութեան հետ աղերսուած մէկ կամ մէկէ աւելի հիւանդութիւններէ, ինչպէս օրինակ՝ 2-րդ տեսակի շաքարախտէ, սրտի հիւանդութիւններէ, կամ (sleep Apnea)-է այսինքն՝ քնանալու ատեն շունչի սաստիկ նեղութենէ։
3.- Կարելի է նաեւ կարգ մը վիրահատութիւններ ընել (օրինակ՝ ստամոքսի զօդումը), երբ BMI-ը բարձր ըլլայ 30-էն աւելի եւ անձը  տառապի մէկէ աւելի քրոնիկ հիւանդութիւններէ, կամ առողջապահական խնդիրներէ, սակայն պայմանաւ որ վիրահատութիւնը ըլլայ մասնագէտ քանի մը բժիշկներու արտօնութեամբ։
Որո՞նք են ամենակարեւոր քայլերը, զորս պէտք է առնել այս վիրահատութիւնները կատարելէ առաջ։
1.- Կատարել կենսանիւթերու եւ հանքանիւթերու առնչուող արեան տարատեսակ քննութիւններ եւ որեւէ կենսանիւթի նուազումին պարագային բուժել զայն նախքան վիրահատութիւնը։ Ամենակարեւոր նիւթերն են՝ երկաթը, զենքը, folic acid-ը եւ D կենսանիւթը։
2.- Նկատի առնել անձին ընդհանուր սնուցման կարգավիճակը։ Օրինակ՝ շատակերութեան կամ Պոլիմիայի հարցերը պէտք է լուծել վիրահատութենէն առաջ։
3.- Դեղերու չափաբաժիններու կարգաւորում, յատկապէս երբ անձը կը ստանայ ինսուլինի ներարկում։ Շատ կարեւոր է դեղի չափաբաժինները կարգաւորել ուտելիքի քանակին համեմատ։
4.- Անձը լիովին պէտք է տեղեակ ըլլայ վիրահատութեան տեսակէն եւ սննդականոնէն, որուն պէտք է հետեւի վիրահատութեան յաջորդող առաջին շաբաթները։
5.- Ծանրութեան կորուստը պէտք է տրամաբանական ըլլայ, ուստի պէտք չէ տագնապիլ երբ ծանրութիւնը դանդաղ կը նուազի, յատկապէս այն անձերուն պարագային, որոնք չեն տառապիր չափազանց գիրութենէ եւ BMI-ը իրենց մօտ 40-էն նուազ է։
6.- Վիրահատութենէն առաջ նախընտրելի է հետեւիլ քիչ կենսուժով սննդականոնի՝ առնուազն 2 շաբաթ։ Այս մէկը պիտի օգնէ աւելի արագ բուժուելու վիրահատութենէն ետք եւ պիտի դիւրացնէ վիրահատութիւնը, որովհետեւ փոքրացած պիտի ըլլայ լեարդին չափը։
(Շար.1)
Շաղիկ Գաբրիէլեան
Սննդագէտ