26 Յունուարին Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ընդունած է «Յառաջընթացը Վեհաժողովի Դիտարկումի Գործընթացներուն Մէջ» (Յունուար-Դեկտեմբեր 2022) բանաձեւը: Քուէարկութեամբ ընդունուած են բանաձեւին մէջ հայկական պատուիրակութեան կողմէն առաջարկուած փոփոխութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիները անյապաղօրէն ազատ արձակելու եւ Լաչինի միջանցքի առնչութեամբ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի միջանկեալ միջոցները կատարելու համար:
Բանաձեւի բնաբանին մէջ յատկապէս ըսուած է հետեւեալը.

«Վեհաժողովը կ’արձանագրէ (խմբ.՝ դիտարկումի) յանձնաժողովի շարունակական ուշադրութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումներուն։ Վեհաժողովը ի գիտութիւն կ’ընդունի Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին ուղարկուած Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի վերջին հրատապ ծանուցումը, որով կոչ ուղղուած է հետեւելու Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի մասին 21 Դեկտեմբեր 2022_ի որոշման կատարումին եւ կոչ ուղղած է անյապաղօրէն եւ լիարժէք կերպով իրականացնելու դատարանին որոշած միջանկեալ միջոցներու կատարումը։ Վեհաժողովը նաեւ կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ տակաւին պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։ Վեհաժողովը Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է անյապաղօրէն ազատ արձակելու բոլոր պահուող անձերը»։

Յիշեցնենք, 26 Յունուարին Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանի Վեհաժողովին մէջ քննարկում տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային իրավիճակին մասին: ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, ԵԽԽՎ-ի հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է, որ կը դիտարկուի քննարկումի հետեւանքով ԵԽԽՎ-ի զեկոյց ընդունելու կարելիութիւնը: