Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար տոքթ. Հասան Ղապպաշի նախագահութեամբ, Սուրիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայութեամբ Ժընեւի մէջ ընթացք առաւ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան գործադիր Խորհուրդին 152-րդ շրջանի ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 7 Փետրուար 2023։
Յիշենք, որ Մայիս 2021-ին, Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան մեծամասնութեան քուէարկութեամբ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդին անդամակցութեան ընտրուեցաւ՝ 3 տարուան տեւողութեամբ ներկայացնելու Միջին Արեւելքը։